«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽԻՆ

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր ա­ռա­ջին է­ջին վրայ մե­ծա­դիր հա­ղոր­դու­մով մը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ այն նիւ­թին վրայ, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս Ռու­սաս­տա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ընդ­լայ­նի զգա­լի ձե­ւով եւ Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ զա­նա­զան եր­կիր­ներ կը մտնեն Մոս­կուա­յի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Թեր­թը կը մատ­նան­շէ, որ Պուլ­կա­րիոյ եւ Մոլ­տո­վա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին իշ­խա­նու­թեան գլուխ ե­կած են ռու­սա­մէտ ու­ժեր։ Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաս­տան ար­դէն ու­նի զինուո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն։

Այս ծի­րին մէջ հեր­թա­կան ան­գամ վեր­յի­շուած է նաեւ Հա­յաս­տան։ Թեր­թը ընդգ­ծած է, որ 1995 թուա­կա­նէն ի վեր Թուր­քիոյ սահ­մա­նին մեր­ձա­կայ Կիւմ­րի քա­ղա­քին մէջ կը գոր­ծէ ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիսխ մը։ Լրա­տուու­թեան կցուած է այդ ռազ­մա­խա­րիս­խէն լու­սան­կար մը՝ նկա­րա­հա­նուած Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մա­տեղ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ։ Ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, Փու­թին հա­ւա­նու­թիւն տուաւ Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան հա­մա­տեղ զօր­քի ստեղ­ծուե­լուն։ Հրա­մա­նա­տա­րը պի­տի նշա­նա­կուի Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ։ Հա­ւա­նա­կան բա­խու­մի մը պա­րա­գա­յին ռու­սա­կան կող­մը պի­տի ստանձ­նէ հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը եւ այդ զօր­քը պի­տի պաշտ­պա­նէ Հա­յաս­տա­նը։ Թեր­թը վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­ներ ալ թուար­կած է ռազ­մա­խա­րիս­խին մա­սին։

Նոյն հա­ղորդ­ման մէջ կը նշուի, որ Կով­կա­սի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մէջ ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու զու­գա­հեռ՝ Ռու­սաս­տան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ի­րա­նի հետ սա­կար­կու­թիւն­նե­րու մէջ կը գտնուի՝ 10 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ զէն­քի ու զի­նամ­թեր­քի գոր­ծարք մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016