Ըն­թեր­ցա­նու­թեան Ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման Օ­րէնք

Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մէջ 1 Նո­յեմ­բե­րին որ­դեգ­րուած է օ­րէնք մը, որ նպա­տա­կաուղ­ղուած է երկ­րին մէջ ըն­թեր­ցա­նու­թեան ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, օ­րէն­քը կո­չուած է շեշ­տե­լու Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մէջ ըն­թեր­ցա­նու­թեան դե­րը:

Օ­րէն­քը, մաս­նա­ւո­րա­բար, պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն կա­րե­լիու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ զբա­ղե­լու աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քին: Ա­սի­կա իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջին օ­րէնսդ­րա­կան աքթն է, որ պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ի­րա­ւունք կու տայ աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ ըն­թեր­ցում կա­տա­րե­լու, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա, ինչ­պէս կը գրեն Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը, պի­տի նպաս­տէ աշ­խա­տան­քի ար­տադ­րո­ղա­կա­նու­թեան բարձ­րաց­ման:

Օ­րէն­քը նաեւ ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ գտնուող սրճա­րան­նե­րուն կը պար­տա­ւո­րեց­նէ տպա­գիր նիւ­թեր ա­ռա­ջար­կել այ­ցե­լու­նե­րուն:

Ինչ­պէս կը նշէ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Ո­ՒԱՄ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, օ­րէն­քի նպա­տա­կը «մարդ­կա­յին դրա­մագ­լու­խի զար­գաց­ման ա­ջակ­ցու­թիւնն է», եւ «ամ­րապն­դու­մը երկ­րին նկա­րա­գի­րին` իբ­րեւ շրջա­նին մէջ բնորդ»:

«Մեր նպա­տակն է ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը դարձ­նել ա­մէ­նօ­րեայ սո­վո­րու­թիւն, որ պի­տի ար­մա­տա­ւո­րուի մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կեան­քին մէջ», յայ­տա­րա­րած է Տու­պա­յիի տի­րա­կալ եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու փոխ-նա­խա­գահ Մու­համ­մէտ պըն Ռա­շիտ Ալ Մաք­թում:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016