ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կ՚այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ան Կի­րա­կի գի­շե­րուան Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով մեկ­նած է Հա­յաս­տան։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ գտած է Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան­ցեալ ամ­րան սկիզ­բին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Հա­յաս­տան պի­տի մեկ­նէր՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հռո­մի Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պի այ­ցե­լու­թեան։ Նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին զու­գա­դի­պած էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին ու­ղար­կած իր նա­մա­կը՝ Գեր­մա­նիոյ Պուն­տես­տա­կի յայտ­նի ո­րոշ­ման բե­րու­մով։ Այդ մթնո­լոր­տին մէջ յա­ռա­ջա­ցած զա­նա­զան թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րու եւ շա­հար­կում­նե­րու բե­րու­մով ան ո­րո­շած էր ջնջել Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ու­րեմն այդ ի­րա­դար­ձու­թե­նէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, ինչ որ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ար­տա­սո­վոր ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է։

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ներ­կայ կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կ՚ի­ջե­ւա­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վա­նա­տան մէջ։ Ան հան­դի­պում մըն ալ կ՚ու­նե­նայ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ Ծա­նօթ է, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին հան­դի­պած էին Նիւ Եոր­քի մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցած էր Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նը եւ հա­մա­տեղ նիստ մը՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, թե­մա­կալ խոր­հուրդ­նե­րու դի­ւան­նե­րուն եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան Նո­րին Սրբազ­նու­թեան այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. «Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը հան­դի­սա­նայ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան։ Բա­զում այլ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու նման, ինքն ալ ժա­մա­նած է Մայ­րա­վանք։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը չի հե­տապն­դեր ո­րե­ւէ մաս­նա­ւոր նպա­տակ»։

­Վե­րո­յի­շեալ գոր­ծա­կա­լու­թեան հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան յայտ­նեց, որ թէ՛ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ թէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ժա­մա­նա­կին անդ­րա­դար­ձած են յի­շեալ նա­մա­կի պատ­ճառ­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ այդ նոյն շրջա­նին կարգ մը ծայ­րա­յեղ շրջա­նակ­ներ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած էին զա­նա­զան ար­մա­տա­կան պա­հանջ­ներ՝ որ­պէս­զի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըլ­լայ կար­գա­լոյծ։ Այդ բո­լո­րի լոյ­սին տակ Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան ընդգ­ծած է, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հա­մար Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր։

Հարկ է նշել, որ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ այս Հինգ­շաբ­թի։

Միւս կող­մէ, այս օ­րե­րուն դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ուխ­տի այ­ցե­լու­թիւն մըն ալ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016