ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Խումբը գլխաւորեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան կարեւորեց Եւրոմիութեան հետ անկեղծ, բաց երկխօսութիւնը եւ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ կը համարուի փորձառութեան փոխանակումը եւ Հայաստանէ ներս եւրոպական մշակոյթին ներդրումը՝ գործարարութեան կառավարման, կաշառակերպութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, դատաիրաւական բարեփոխումներու գործընթացէն ներս։ Անդրադառնալով կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին՝ Կարէն Կարպետեան նշեց, որ իրենց հիմնական խնդիրն է գործարարութեան համար առաւելագոյնս արդար, ազատ եւ հաւասար դաշտի մը ստեղծումը եւ ներդրումային ծրագրերու խթանումը։ Ըստ իրեն, յառաջիկային պիտի ստեղծուին հիմնադրամներ, որոնք պիտի համագանձատրեն աշխոյժ, նախաձեռնող, բաց դաշտի վրայ աշխատող գործարարութիւնը՝ որպէսզի այդ մէկը վերարտադրուի եւ զարգանայ։ Պիտի իրականացուին նաեւ քայլեր, որոնք պիտի խրախուսեն օրինապահ հարկատուները։ Կարեւորելով նաեւ կառավարման մշակոյթի փոփոխութիւնը՝ վարչապետը շեշտեց, որ առանց ստուերի եւ բոլոր ոլորտներէ ներս կաշառակերութեան դէմ պայքարի՝ երկիրը զարգացնելու ճանապարհ չի տեսներ։ Այդ առումով Կարապետեան աւելցուց, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ նախարարաց խորհուրդը հանդէս պիտի գայ օրէնսդրական յստակ նախաձեռնութիւններով, պիտի փոխուի նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի խորհուրդին կազմը։ Այդ խորհուրդին մէջ պիտի ներգրաւուին հասարակութեան լայն շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ «Մօտաւոր ապագային պիտի ստեղծենք ռազմավարական նախաձեռնութիւններու եւ բարեփոխումներու կեդրոն մը, որու գործունէութեան մէջ բացի կառավարութեան ներկայացուցիչներէն, պիտի ներգրաւուին նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներէն մեր գործընկերները, որոնց փորձառութիւնը, գիտելիքները մեզի համար կարեւոր են։ Անոնք պիտի ուրուագծեն այն բարեփոխումները, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկրին մէջ», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Փիոթր Սվիթալսքի ընդգծեց, որ տպաւորուած են Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութեան յաւակնութիւններով, բարեփոխումներու օրակարգով։ Ըստ իրեն, սա է Հայաստանի պայծառ ապագայի կերտման ուղին։ Եւրոմիութիւնը՝ որպէս Հայաստանի բարեկամ, պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու տնտեսութեան զարգացման, գործարար դաշտի, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան բարելաւման նպատակով։ Անդրադառնալով կաշառակերութեան դէմ պայքարի խնդրին՝ Սվիթալսքի նշեց, որ տպաւորուած է կառավարութեան նախատեսած հարուստ միջոցներով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ ուղղութեամբ սերտօրէն համագործակցելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ Սվիթալսքի կարեւորեց ընտրական գործընթացի կազմակերպման, դատական համակարգի անկախութեան, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտներէն ներս համագործակցութիւնը ու բարեփոխումներու իրականացումը։
Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ շարք մը հարցեր։
Միւս կողմէ, Կարէն Կարապետեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի երկօրեայ նիստերուն։