ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
«Նոր Յառաջ» (Փարիզ).-
Հայաստանի կրթական համակարգի միջազգային համարկման ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս ծիրին մէջ են նաեւ այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայաստանի դպրոցականներու վկայականները։
2013 թուականին, Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու Ֆրանսայի դեսպանատան միջեւ ստորագրուած պայմանագրով մը՝ ֆրանսախօսութեան ծիրին մէջ Երեւանի «Բենիամին Ժամկոչեան» (թիւ 119) դպրոցի երդիքին տակ հաստատուած էր ֆրանսական խորացեալ ուսման ծրագրով երկրորդականի բաժին մը, «ֆրանսերէն լեզու» եւ «ֆրանսերէն գրականութիւն» առարկաներու կողքին ուսուցուելով լրացուցիչ «Ֆրանսայի պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն» եւ «ֆրանսական քաղաքակրթութիւն» առարկաները:
Երեք տարի ետք, վերոնշեալ կրթական ծրագրով ուսումնառութիւն ստացած առաջին 12 շրջանաւարտները Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ ստացած են Ֆրանսայի աւարտական վկայականներ։ Հանդիսութեան մասնակցած են Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ, Երեւանի թիւ 119 դպրոցի ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներ, ծնողներ, ինչպէս նաեւ վկայականներու արժանացած շրջանաւարտները:
Այս վկայականները ճանչցուած են Ֆրանսայի կողմէ, ինչպէս հաստատած է Լեւոն Մկրտչեան ալ ողջոյնի իր խօսքին մէջ, որու ընթացքին յատկապէս նշած է. «Այսօր շատ հաճելի ու կարեւոր պահ մըն է մեզի համար։ Նախ՝ շրջանաւարտ կ՚ընենք մեր առաջին սերունդը, որ արդէն ունի Ֆրանսայի կողմէ հաստատագրուած որակի չափանիշ, երկրորդ՝ կրթութեան ոլորտէն ներս Ֆրանսայի հետ մեր համագործակցութիւնը կ՚ընդլայնենք ոչ միայն զարգացնելով ֆրանսերէնի խորացուած ուսուցմամբ դպրոցները, այլեւ հետեւողական ջանքեր գործադրելով վկայականներու ճանաչման ուղղութեամբ»։