ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Հայաստանէ ներս առկայ բազում մարտահրաւէրներու մասին։ Ան կարեւոր նկատեց յառաջիկային կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները ու մաղթեց՝ որպէսզի անոնք անցնին խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ՝ նպաստելով հայ ժողովուրդի, Հայաստանի բարի անուան եւ հեղինակութեան բարձրացման։

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն համար՝ Նիկոլ Փաշինեան Վեհափառ Հայրապետը հաւաստիացուց, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի անցնին խաղաղ ու հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած բացառիկ դերակատարութեան մասին։ Ան հաստատեց, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կ՚իրականացնէ ազգապահպանութեան կարեւոր առաքելութիւն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Սա առաջին հանդիպումը չէ, նախապէս ալ բազմիցս հանդիպած ենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ եւ քննարկումներ ունեցած, ներառեալ նաեւ ապրիլ-մայիս ամիսներուն։ Ինձ համար շատ կարեւոր են այդ քննարկումները եւ ընդհանրապէս իմ շփումը, կամ Հայաստանի վարչապետի շփումը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայրապետի հետ։ Ի հարկէ, մեզի համար, մեր ժողովուրդի, մեր երկրի համար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արժէքները ունին ինքնութեան համար առանցքային նշանակութիւն։ Այս ընկալումը մեզի միշտ ալ առաջնորդած է եւ կը շարունակէ առաջնորդել։ Ձեր խօսքին մէջ ըսիք, որ ընտրութիւնները խաղաղ անցնին։ Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ կայ այդպիսի ընկալում. ընտրութիւններ եւ խաղաղութիւն հասկացութիւնները, մեզի յայտնի հանգամանքներու բերումով, սկսած են որպէս հականիշ ընկալուիլ, բայց ես կ՚ուզեմ ձեզի հաւաստիացնել, թէ այլ կերպ ուղղակի չի կրնար ըլլալ եւ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները միանշանակ պիտի անցնին խաղաղ։ Ընդհանրապէս ժամանակն է, որ մենք ընտրութիւններու եւ խաղաղութեան հասկացութիւններու խորքին մէջ հակադրութիւններ չնկատենք։ Այդպէս պիտի ըլլայ միշտ. մեր ժողովուրդը որոշում պիտի կայացնէ եւ ինչ որոշում ալ կայացնէ մեր ժողովուրդը, սա պիտի դառնայ քաղաքական իրողութիւն։ Սա է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու կարեւորագոյն իմաստներէն մին։ Ինձ համար միշտ հաճելի է ըլլալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ վստահաբար դեռ շատ անգամ կ՚ըլլայ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առանձնակի նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր հետեւորդի, ներառեալ՝ իմ եւ իմ ընտանիքի կեանքին մէջ։ Եւ ընդհանրապէս ժամանակ առ ժամանակ պէտք է ըլլալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Սա նաեւ անցեալի եւ ապագայի մասին խորհելու, մտածելու ամենայարմար վայրն է»։ Ուստի, Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ ապագային եւս առիթներ կ՚ունենայ յաճախակիօրէն այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, առանց «ձանձրացում» պատճառելու։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ յայտնեց, որ մեր հայրերը ունին առանձին մաղթանք մը, որ բանաձեւուած է ըստ հետեւեալի. «Երանի անոնց, որոնք վաստակ ունին Սուրբ Էջմիածնի մէջ»։ Ան նշեց, որ 9 դեկտեմբերին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ գոյութիւն ունի որոշ վստահութիւն ու լաւատեսութիւն, թէ ընտրութիւնները պիտի անցնին խաղաղ, հանգիստ եւ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ, որովհետեւ այդպիսի ընթացք ունեցան թէ՛ Երեւանի քաղաքապետի եւ թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները։ «Մեր մաղթանքն է եւ մեր աղօթքը՝ որպէսզի ընտրութիւնները տեղի ունենան այդպիսի ընթացքով եւ նպաստեն ազգային միասնութեան զօրացման, մեր ժողովուրդի համախումբ ջանքերով մեր երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներու, մարտահրաւէրներու լուծման», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Հին վեհարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը վարչապետին մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնը եւ անոր օրհնութեան ներքեւ իրականացնել իր անչափ պատասխանատու առաքելութիւնը։ «Սուրբ Էջմիածին այցելութեամբ՝ ձեր աղօթքը կը բարձրացնէք առ Աստուած եւ կը զօրանաք Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ ձեր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս իրականացնելու, ձեր տեսիլքը կեանքի կոչելու առումով», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018