ԱՄՆ-Ի ԾԵՐԱԿՈՅՏԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ԿԱՍԵՑՈՒԱԾ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սպիտակ տան մէջ Էրտողան ընդունուած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Երկու ղեկավարները տեսակցութենէն վերջ մէկտեղուած էին նաեւ ամերիկացի շարք մը ծերակուտականներու հետ։ Անցեալ 29 հոկտեմբերին ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած էր հայանպաստ բանաձեւ մը, որու յառաջիկայ շրջանին Ծերակոյտի օրակարգին վրայ գալը կը նախատեսուէր։
Ըստ Ուաշինկթընէ հասած լուրերուն, նախագահներու եւ ծերակուտականներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ ծերակատուկան Լինսի Կրահամ որոշած էր արգելափակել այդ բանաձեւի քննարկումը Ծերակոյտէն ներս։ Ան լիայոյս է, որ Թուրքիա եւ Հայաստան միասին կրնան լուծել այս խնդիրը։
Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի պարագային ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրէսնդրական նախաձեռնութիւն մը։