ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ

Կը տեղեկանանք, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ներկայիս արդէն պատկան մարմիններու կողմէ նոր, թարմացեալ վաւերացումով մը կը գործէ՝ տնօրինելու համար իր մատակարարման յանձնուած բարենպատակ հաստատութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան մահացած էր եւ իր կորուստին առընթեր՝ շարք մը հրաժարականներ եղած էին Պէյօղլուէն։ Այս պայմաններուն ներքեւ, համայնքային շրջանակները սկսած էին ուշադրութեամբ հետեւիլ, թէ իրադարձութիւնները ինչպէս պիտի ընթանան Պէյօղլուի պարագային, երբ թաղային խորհուրդի անդամներուն թիւը պակսած էր զգալիօրէն։

Այս իրավիճակին մէջ կապ հաստատեցինք իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Ան մեզի տեղեկացուց, որ հոկտեմբերի 28-ին թաղային խորհուրդի այժմու կազմը վաւերացման նոր փաստաթուղթ մը ունեցած է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կից Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի առաջին բաժանմունքը ուղարկած է այդ վաւերագիրը, որ 4 նոյեմբերին հասած էր թաղային խորհուրդին։ Այս վաւերագրով վերահաստատուած են լիազօրութիւնները Սիմոն Չեքէմի եւ Պերրին Տայանի։ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնը տեղեկացուցած է, որ վերոյիշեալ անունները մինչեւ ընտրութիւնները պիտի կարողանան տնօրինել Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։

Հեռախօսազրոյցի հիման վրայ Սիմոն Չեքէմ մեզի ուղարկեց նաեւ վերոյիշեալ վաւերագրի պատճէնը։  

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019