ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ՊԱՅՏԸՆ ԿԱՐՈՂԱՑԱՒ ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ
Քիչ չէր թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք կարծիք յայտնած էին, թէ անցեալ շաբթուան սկիզբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած եւ որպէս միջանկեալ ընդունուած ընտրութիւնները բոլորովին նոր վիճակ մը պիտի ստեղծեն երկրի ներքին քաղաքական խորապատկերին վրայ։ Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերէր Ներկայացուցիչներու տան՝ Քոնկրէսի մէջ հանրապետականներու կողմէ տարուելիք մեծ յաղթանակին, որ իրականութիւն չդարձաւ։ Ճիշդ է, որ կարմիր գոյնով ներկայացող հանրապետականները ներկայ պահու դրութեամբ որոշ առաւելութեան տիրացան Քոնկրէսին մէջ, սակայն անոնք պիտի չկարողանան դառնալ վճռական ուժ։ Գալով հարիւր հոգինոց Ծերակոյտին, ուր որոշողը մնաց Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդը՝ նախագահ Ճօ Պայտըն աւելի վաղ եւ մի քանի առիթներով ահազանգ հնչեցնելով քուէարկելու կոչ ըրած էր իր համակիրներուն ու իր քաղաքական գիծը յարգողներուն։ Պայտըն նաեւ ըսած էր, որ այս ընտրութիւնները կրնան լուրջ ազդեցութիւն ունենալ ԱՄՆ-ի զանազան սերունդներու վրայ։ Ան խօսած էր յատկապէս երկրի երիտասարդներուն մասին՝ նշելով, որ անոնք կոչուած են պաշտպանելու երկրին ժողովրդավարական արժէքները։
Իր կարգին, Հանրապետական կուսակցութեան գլխաւոր գործիչ ու ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդէս եկած էր նոյնպէս բաւական յախուռն կեցուածքով՝ դիտել տալով, որ եկած է ժամը իրաւ հաշուետուութեան։ Թէեւ Թրամփի գաղափարակիցները չէին կրցած ուժգին հարուած մը տալով նոր կացութիւն մը ստեղծել Քոնկրէսին մէջ, սակայն ան կը շարունակէր մնալ անվրդով՝ արդիւնքները համարելով յաղթանակի տանող իրական հիմքեր։
Այս բոլորին առընթեր, յստակ էր նաեւ, որ անկախ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան քանի մը խոցելի կէտերէն, երկրէն ներս կար ընդհանուր համաձայնութիւն մը, թէ ինչ ալ ըլլան պայմանները, Թրամփ իրաւունք չունէր դէպի անցեալ վերադարձ մը կատարելու։ Անշուշտ, արտաքինին կողքին կային ներքին կտրուածքով բաւական տաք նիւթեր, որոնք կը զբաղեցնէին քուէարկողներու խելքն ու միտքը։ Այդ նիւթերը կը շօշափէին ընկերային բաւական բարդ հարցեր եւ գուցէ այդ պատճառով էր նաեւ, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան համակիրները (յատկապէս երիտասարդները) իրենց թմբիրէն դուրս գալով քուէարկութեան գացին եւ թոյլ չտուին, որ հանրապետականները «ցունամի» մը յառաջացնեն Քոնկրէսէն ներս։
Մինչեւ այս պահը տակաւին յստակ չեն քուէարկութեանց վերջնական տուեալները, սակայն աւելի քան յստակ է, որ 435 աթոռէ կազմուած Քոնկրէսին մէջ փոքր առաւելութիւն մը ձեռք պիտի բերեն հանրապետականները եւ այդպիսով ալ պիտի դառնան արգելակող օղակ՝ նախագահ Պայտընի յառաջիկայ երկու տարուան պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին։
Չմոռնանք նաեւ նշելու, որ ԱՄՆ-ի մէջ առնուելիք որեւէ վճռական կամ ճակատագրական որոշում պէտք է վերջնականապէս անցնի հիմնական օրէնսդրական կառոյցներէն. առաջինը՝ Քոնկրէսէն եւ երկրորդը՝ Ծերակոյտէն։ Հետեւաբար պէտք է նաեւ համոզուիլ, որ արդիւնքները մեծ հաշուով ոչ մէկ կողմին առաւելութիւն պիտի շնորհեն։ Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, եթէ փորձենք ընդհանուր գնահատական մը տալ ԱՄՆ-ի միջանկեալ ընտրութիւններուն, ապա ապահովաբար կրնանք ըսել, որ ընտրութիւններու արդիւնքը եղաւ ի նպաստ ոչ ոքի։ Ոչ մէկ կողմ տարաւ ամբողջական յաջողութիւն կամ յաղթանակ ու ձեւով մըն ալ երկու ուժերը յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին անոնք պարտաւոր են գործակցիլ իրարու հետ։
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք այս մասին ուշագրաւ տուեալներ ներկայացուց միջազգայնագէտ, յատկապէս ամերիկեան հարցերով հմուտ քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեան, որու տեսակէտները արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
1. ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւնները կը կայանան նախագահի ղեկավարման չորս տարիներու միջակայքին։ Սովորաբար միջանկեալ ընտրութիւններուն գործող նախագահի կուսակցութիւնը կը պարտուի եւ սա վերջին տասնամեակներուն դարձած է սովորական։
Այս պահուն Ներկայացուցիչներու տունէն ներս առաւելութեան հասած են հանրապետականները։
Ծերակոյտին մէջ ամենայն հաւանականութեամբ իրենց դիրքերը կը պահպանեն դեմոկրատականները՝ մէկ կամ երկու ձայներու տարբերութեամբ (անոնց կարգին՝ փոխ-նախագահի ձայնը)։ Թէեւ դեռ որոշ նահանգներու մէջ հաշուարկներ կ՚ընթանան, սակայն ընդհանուր պատկերը այս է։
2. Պայտընի գործերը, ի հարկէ, կը բարդանան, բայց ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան վրայ էական ազդեցութիւն չ՚ունենար, սա առաւելապէս կը կրէ ներքին քաղաքական բնոյթ։
3. Թրամփ կիսագոհ է ընտրութիւններու արդիւնքներէն, բայց ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկային կը յայտարարէ ընտրութիւններուն դարձեալ մասնակցելու իր մտադրութեան մասին։
Հայաստանը հետաքրքրող հարցերէն կ՚առանձնացնեմ քանի մը հատը։
1. Այս ընտրութիւններու արդիւնքով Ուքրայնայի աջակցելու որոշումը չի փոխուիր։ Հակառուսական գիծը Ուաշինկթընի քաղաքական հաստատութեան համար համաձայնեցուած է եւ երկու կուսակցութիւններն ալ, որոշ բացառութիւններով, կը բաժնեն Ռուսաստանի դէմ Ուքրայնային աջակցելու քաղաքականութիւնը։ Չ՚արժեր սպասել ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ լուրջ փոփոխութիւններու՝ Ուքրայնայի նկատմամբ։
2. Այս ընտրութիւններուն արդիւնքով Փելոզին կը կորսնցնէ իր դիրքը՝ որպէս Ներկայացուցիչներու տան նախագահ։ Չեմ ալ կարծեր, թէ ան կ՚ուզէ մնալ որպէս շարքային քոնկրէսական։ Ամենայն հաւանականութեամբ, ինչպէս կը պնդեն ամերիկեան զանգուածային լրատուամիջոցները, ան կը նշանակուի դեսպան եւ կը հեռանայ մեծ քաղաքականութենէն։ Դարձեալ կը պնդեմ, որ Փելոզիի Հայաստանի այցելութեան կարեւորագոյն շարժիչ ուժերէն էր հայերու նկատմամբ անձնական վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ «հրաժեշտի այցելութիւն» ունենալու ցանկութիւնը, որու մասին բազմիցս ըսած է իր հայ բարեկամներուն եւ ընտրողներուն։ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ան մեծ ներդրում ունէր եւ Հայաստան այցելելու համար սա կարեւոր նախադրեալ էր։ Այսինքն՝ հիմնական շարժիչ ուժը անձնական դրդումն էր, անոր համար ալ ան որոշեց իր շաբաթավերջը անցընել Հայաստանի մէջ՝ թէկուզ պաշտօնական այցի տրամաբանութեան ներքեւ։
3. «Նորաթուխ» քոնկրէսական մը կ՚ունենանք Նիւ Ճըրզիէն։ Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Պոպ Մենենտեզի որդին՝ Պոպ Մենենտեզ կրտսերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան