ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ «Chatham House»Ի ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Chatham House»ի (Անգլիոյ միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառ) երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ընձեռած հնարաւորութիւնները։ Միրզոյեան ելոյթի ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման, հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ընձեռած հնարաւորութիւններուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական կողմի ներգրաւուածութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու մասին։ Միրզոյեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Իր ելոյթէն վերջ ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան կարճ զրոյց մըն ալ ունեցաւ «Chatham House»ի տնօրէն Պրոնուէն Մետոքսի հետ։

Երէկ, Արարատ Միրզոյեան Լոնտոնի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ալիշա Քերընսի հետ։

Միւս կողմէ, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստան-Անգլիա ռազմավարական երկխօսութեան առաջին նիստը, որու արդիւնքներուն հիման վրայ կողմերը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023