ԹԻՖԼԻԶ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ՝ եթէ անոնք փափաքին։

Հեռատեսիլով սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Վրաստանի վարչապետը կրկնեց, որ իր երկրին համապատասխան պատրաստակամութիւնը կը մնայ միշտ ի զօրու։ «Մենք պատրաստ ենք մեր օգնութիւնն ու աջակցութիւնը առաջարկելու մեր երկու հարեւան երկիրներու», ըսաւ Քոպախիծէ։

Անցեալի մէջ Վրաստան մէկէ աւելի անգամներ միջնորդի դեր խաղացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Նոյն շրջանակին մէջ Ատրպէյճան 15 գերավարուած զինուորական վերադարձուցած էր Հայաստանին։ Թիֆլիզէն հնչած այս յայտարարութիւնը թէեւ հերթական է, սակայն, Վրաստանի ղեկավարութիւնը այսպէսով իր քաղաքական կամքը կը վերահաստատէ՝ երկրէն ներս տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024