ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑ ՄԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՏԱՆԱ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր այս ա­ռա­ւօտ ա­նակն­կալ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ա­տա­նա։ Կը հա­ղոր­դուի, թէ ան փու­թա­ցած է Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խի անձ­նա­կազ­մը խրա­խու­սե­լու։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րի մթնո­լոր­տին մէջ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը ու­նի լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն՝ ԱՄՆ-ի կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած է ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ Սա ե­ղած է վեր­ջին շաբ­թուան ըն­թաց­քին ա­նոնց երկ­րորդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Տա­վու­տօղ­լու եւ Պայ­տըն անդ­րա­դար­ձան Մու­սու­լի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Յա­մե­նայն­դէպս, այդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցէն վերջ է, որ Էշ­թըն Քար­թըր այս ա­ռա­ւօտ ժա­մա­նած է Ա­տա­նա։

Մինչ Էշ­թըն Քար­թըր կ՚այ­ցե­լէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւելք, ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րին ալ այ­սօր Մոս­կուա­յի մէջ է՝ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ օ­րուան ա­ւար­տին եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կը մէկ­տե­ղուին Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի հար­ցե­րուն ուղ­ղեալ խորհր­դակ­ցու­թեան ար­դիւնք­նե­րու ամ­փո­փու­մէն վերջ Պե­տա­կան քար­տու­ղար Քե­րի ժա­մա­նած է Մոս­կուա։

Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մօ­տէն կը հե­տե­ւի նաեւ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը դի­մադ­րէ Մոս­կուա­յի հետ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ յայ­տա­րա­րեց, որ թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է վե­րա­կանգ­նուին։ Ռու­սաս­տան-Թուր­քիա ձգտեալ վի­ճա­կի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Նե­ղուց­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ե­գէա­կա­նի եւ Սեւ ծո­վուն մէջ նա­ւա­վա­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւս կ՚ապ­րուի ար­տա­սո­վոր մթնո­լորտ։ Նոյն ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կռուախն­ձո­րի վե­րա­ծուած հար­ցե­րէն մին է նաեւ մարզ­ման նպա­տա­կով Մու­սուլ ա­ռա­քուած թուրք զի­նուոր­նե­րուն հար­ցը։ Շուրջ տասն օր ա­ռաջ Թուր­քիոյ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի Պա­շի­քա­յի ճամ­բա­րը ու­ղար­կած զի­նուոր­ներն ու հրա­սայ­լե­րը սա­հե­ցուած էին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի այլ շրջան­նե­րը։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց, թէ մաս­նա­կիօ­րէն զօր­քին ետ քա­շուի­լը պայ­մա­նա­ւո­րուած է զի­նուո­րա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րով։ Սպառ­նա­լիք­նե­րու կա­ցու­թեան հա­մա­ձայն այս ե­րե­ւոյ­թը կրնայ վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուիլ։ Պաղ­տա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը թրքա­կան զօր­քե­րու հար­ցին շուրջ դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին։ Իսկ Ճօ Պայ­տըն Տա­վու­տօղ­լուի հետ ե­րէկ ու­նե­ցած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է Թուր­քիոյ այս քայ­լին շուրջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015