ՃԱԿԱՏԷՆ ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԼՈՒՐԵՐ
Արցախի ճակատին վրայ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ հայ եւ ազէրի կողմերը վերջին օրերուն կը տրամադրեն իրերամերժ տուեալներ։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ հարուածներ հասցուած են հայկական դիրքերուն վրայ։ Նոյն աղբիւրները պնդեցին, որ երեք հայ զինուոր մահացած է եւ տեսանիւթեր ալ հրապարակեցին Ատրպէյճանի բանակի գործողութիւններէն դրուագներով։
Այս բոլորին կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հերքումով մը։ Արցախի պաշտօնական աղբիւրները պնդեցին, թէ սա Պաքուի կողմէ տարածուած հերթական ապատեղեկատուութիւնն է։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը այս անգամ որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց ազէրի կողմի քարոզարշաւի հեղինակներու վառ երեւակայութեան արգասիքին շուրջ եւ շեշտեց, թէ հրադադարի դրութեան խախտման հետեւանքով Արցախի Պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չէ ունեցած։ Միեւնոյն ժամանակ ընդգծուեցաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը առաջնագծին վրայ կը թելադրեն իրենց կամքը ու կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն։