Չինաստանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հայագիտական Կեդրոնը

Չի­նաս­տա­նի Տա­լիան քա­ղա­քի օ­տար լե­զու­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­յա­ցաւ բա­ցու­մը Չի­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին հա­յա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նին, որ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ի­րա­կա­նաց­նել Ե­րե­ւա­նի Վ. Պրիւ­սո­վի ա­նուան լե­զուա­հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եւ Տա­լիա­նի օ­տար լե­զու­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քով: Այս մա­սին յայտ­նեց Չի­նաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը:

Կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Չի­նաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեան, Ե­րե­ւա­նի Վ. Պ­­րիւ­սո­վի ա­նուան լե­զուա­հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը` տնօ­րէն Գա­յիա­նէ Գաս­պա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Տա­լիա­նի օ­տար լե­զու­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, Տա­լիա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի, չի­նա­կան տար­բեր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր նիս­տին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէ­նը, եր­կու բա­րե­կամ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, Չի­նաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեա­ն: Վեր­ջինս կա­րե­ւոր հա­մա­րեց իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջին հա­յա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի բա­ցու­մը, որ  պի­տի դառ­նայ իւ­րա­յա­տուկ հար­թակ հայ-չի­նա­կան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լայն շրջա­նա­կի հար­ցե­րու քննարկ­ման, հե­տա­գայ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ու­ղի­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար: Ար­մէն Սարգ­սեան հա­մո­զում յայտ­նեց, որ կեդ­րո­նը պի­տի  նպաս­տէ գի­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման ոչ միայն եր­կու հա­մալ­սա­րան­նե­րու, այ­լեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու կրթա­կան հա­մա­կար­գե­րուն մի­ջեւ` դառ­նա­լով հայ եւ չի­նա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բազ­մա­դա­րեան բա­րե­կա­մու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւս վառ օ­րի­նակ մը: Ար­մէն Սարգ­սեան վստա­հե­ցուց, որ դես­պա­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ ա­ջակ­ցու­թիւն  պի­տի ցու­ցա­բե­րէ կեդ­րո­նին եւ մշտա­կան ու­շա­դու­թեան կեդ­րո­նին պի­տի պա­հէ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Ե­լոյթ­նե­րէն ետք  հա­մալ­սա­րա­նի հայ եւ չի­նա­ցի ու­սա­նող­նե­րը միա­սին ար­տա­սա­նե­ցին հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րը հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն հետ միա­սին այ­ցե­լե­ցին նո­րա­բաց կեդ­րոն` փո­խան­ցե­լով տա­րաբ­նոյթ գիր­քեր, ձեռ­նարկ­ներ, տպա­գիր եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին ու­սում­նա­կան նիւ­թեր` ա­ռա­ջին քայ­լը կա­տա­րե­լով կեդ­րո­նին մէջ հա­յա­գի­տա­կան հա­րուստ գրա­դա­րա­նի ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015