ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՍԱՐՔ

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին մէջ կը կար­դանք.-

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ իր 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նի շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րէն Դա­նիէլ Մու­րա­տեան, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է Գա­լի­ֆոր­նիոյ ճար­տա­րա­գի­տա­կան հիմ­նար­կի գիտ­նա­կան­նե­րէն Տքթ. Ռի­չըրտ Կա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցած ծրագ­րի մը, ո­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած է բա­րե­լա­ւել երկ­րա­շար­ժի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ծա­նու­ցող սար­քեր։

Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ւել զգա­յուն այս սար­քե­րէն շա­տե­րը տե­ղադ­րուած են Լոս Ան­ճե­լը­սի միա­ցեալ կրթաշր­ջա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնք, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով, նախ­կին սար­քե­րէն ա­ւե­լի կա­նուխ ազ­դա­րա­րու­թիւն­ներ պի­տի կա­տա­րեն հան­րու­թեան, երբ երկ­րա­շարժ պա­տա­հե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ըլ­լայ։

Երկ­րա­շար­ժի կան­խազ­գու­շաց­ման նշեալ մե­ծա­պէս կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած հա­մա­կար­գը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ 2018 թուա­կա­նին։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016