ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Պրիւք­սե­լի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րի ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հին­գե­րորդ փու­լը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ՝ Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ու ներդրում­նե­րու ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան։

Ներ­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան՝ ապ­րանք­նե­րու ա­ռեւ­տու­րը, վէ­ճե­րու կար­գա­ւո­րու­մը, թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը, ա­ռեւ­տու­րի թեք­նիկ խո­չըն­դոտ­նե­րը, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ բու­սա­կան ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մի­ջոց­նե­րը, մաք­սա­յին հար­ցեր, մտա­ւոր սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ա­ռեւ­տու­րը եւ ներդ­րում­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016