ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Իս­թան­պու­լի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին պա­տա­հած եւ 42 զոհ խլած ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քը հեր­թա­կան ան­գամ շարժ­ման ան­ցու­ցած է բո­վան­դակ եր­կի­րը։ Թուր­քիա մէկ կող­մէ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ կը բե­րէ իր խո­նար­հու­մը, իսկ միւս կող­մէ կը վե­րա­նո­րո­գէ իր վճռա­կա­նու­թիւ­նը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ՝ միաս­նա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­մամբ։

Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ե­րէկ ա­հա­բեկ­չու­թեան խնդրին շուրջ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ որ­պէս Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տու­թեան գլու­խը՝ Սահ­մա­նադ­րու­թեան 104-րդ յօ­դուա­ծի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ զօ­րա­շարժ կը հռչա­կէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Այդ զօ­րա­շար­ժը նա­խա­տե­սուած է անխ­տիր բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան վե­րա­հաս­տա­տեց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն հետ եւ ա­ւել­ցուց, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը պահ մը իսկ հան­գիստ պի­տի չու­նե­նան։

Էր­տո­ղա­նի այս վճռա­կան պատ­գամ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, ե­րէկ, Ան­գա­րա­յի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի օ­րա­կար­գով տե­սակ­ցե­ցան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցու­ցած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ե­րե­քին ղե­կա-վ­արնե­րը։ Այս­պէս, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Շուրջ եր­կու­քու­կէս ժամ տե­ւեց այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ա­ւար­տին ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հեր­թա­կան ան­գամ ա­պա­ցու­ցուած է, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի խնդի­րը Թուր­քիոյ մէջ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ վեր նիւթ մըն է։ Որ­քան որ ալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը ըլ­լան տար­բեր, ա­պա ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նիւ­թին շուրջ վճռա­կա­մու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի է թէ՛ ՃՀՓ­-ի, թէ՛ ՄՀՓ­-ի եւ թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան մօտ։

«Սա մեր երկ­րի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ խնդիր մըն է։ Այս ա­ռու­մով երկ­րէն ներս կամ դուրս ով ինչ կ՚ու­զէ թող ը­սէ՝ մե­զի հա­մար ի­մաստ մը չու­նի։ Մե­զի հա­մար ի­մաստ ու­նե­ցո­ղը այն է, որ Թուր­քիոյ միու­թիւնն ու միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ մեր ազ­գին եղ­բայ­րու­թիւ­նը չվնա­սուին։ Այս շրջագ­ծով լայ­նա­ծա­ւալ քննար­կում­ներ կա­տա­րե­ցինք», ը­սաւ վար­չա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, թէ խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը ե­ղած է ար­դիւ­նա­ւէտ։

Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու կեան­քի բնա­կա­նոն ըն­թաց­քին ա­մե­նա­հա­մա­հունչ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ո­րա­կեց ե­րէկ ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը։ Իր կար­գին, Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին ալ մատ­նան­շեց, թէ խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը հա­սուն մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016