Մեծարանքի Երեկոյ` Լիբանանահայ Բազմավաստակ Դերասաններու
Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած վաստակաշատ դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն այն բեմին վրայ, ուր տարիներ շարունակ Մանուէլ Մարգարեան (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեան ներդրում ունեցած են լիբանանահայ թատրոնի զարգացման:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայ թատերական գործունէութեան, որ տակաւին կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ նշեց թատերական կեանքի դժուարութիւնները, որոնք ոչ մէկ օր արգելք հանդիսացած են նուիրեալ դերասաններու, որպէսզի իրենց լաւագոյնը դրսեւորած հանդէս գան թատերասէր հասարակութեան: Ան նշեց, որ դերասաններու յաւելեալ ճիգի արտայայտութիւնը իրենց մէջ յաւելեալ արժէք կը ստանայ, որովհետեւ անոնց կատարած աշխատանքը ասպարէզային չէ, մասնագիտական չէ, հետեւաբար լիբանանահայ դերասանները ա՛լ աւելիով կ՚արժեւորուին:
Մարտիկ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ մօտէն ճանչնալով Մարի Ռոզն եւ Մանուէլը, ապրած ու վայելած է անոնց ազնուութիւնն ու համեստութիւնը: Անոնց հետ բոլոր գործակցողները վկայած են անտրտունջ ու սիրայօժար աշխատելու յատկութեան մասին, որով կը յատկանշուին մեծարեալներ: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան եւ առընչակից եղան մեծարանքի երեկոյի յաջողութեան:
Ելոյթ ունեցաւ Զաւէն Պաաքլինի: Ան ըսաւ, որ Մարի Ռոզ Մանուկեան կը պատկանի այն հերոսներուն, որոնք իրենց ճիգով հետք կը ձգեն սփիւռքի պահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքին մէջ՝ շնորհիւ իրենց տաղանդին: Մարի Ռոզ Մանուկեան յաջողած է լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալ: Ան առիթը չէ ունեցած թատերական մասնագիտական ուսում ստանալու, բայց բախտը ունեցած է իբրեւ իր գլխաւոր ուսուցիչը ունենալու բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որուն կը պարտի իր թատերական կեանքը:
Զաւէն Պաաքլինի նշեց, որ Մարի Ռոզ յաջող դերակատարութեամբ ինքզինք փաստած է իբրեւ դերասան, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կեանքի դժուարութիւնները չէին կրցած կասեցնել կամ դանդաղեցնել Մարի Ռոզի մասնակցութիւնը թատերական հեւքոտ հետապնդումներուն, ներկայացումներուն եւ փորձերուն, որովհետեւ ան վճռական էր իր դերերուն մէջ եւ կատարելապէս կը մարմնաւորէր ամէն դեր:
Զաւէն Պաաքլինի խօսքի աւարտին ըսաւ. «Ուրախ եմ այս բեմէն ներկայացնելու լիբանանահայ գաղութի հայ մշակութային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող անհատ մը եւ մեծարանքի արժանի արուեստագիտուհի մը»:
Ցուցադրուեցան տեսերիզներ, որոնք կը ներկայացնէին երկու մեծարեալ դերասաններուն` Մանուէլի եւ Մարի Ռոզի թատերական գործունէութենէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ անոնց թատերական կեանքին ու վաստակին մասին:
Ելոյթ ունեցաւ Վարդան Մկրտիչեան: Ան ներկայացուց Մանուէլ Մարգարեանի թատերական յատկանիշները, անոր նուիրումը եւ մեծ սէրը թատերական կեանքին նկատմամբ: Ան խօսեցաւ նաեւ այն խոր յարգանքին մասին, որ տածած է Մանուէլ Մարգարեան իր մարմնաւորած կերպարներուն ընդմէջէն: Վարդան Մկրտիչեան մէջբերեց նաեւ թատերական կեանքէն հաճելի դէպքեր, անմոռանալի պահեր, որոնք ապրած է բեմին վրայ Մանուէլ Մարգարեանին հետ:
Ձեռնարկի աւարտին Պետիկ Ծառուկեան եւ Մարտիկ Տեմիրճեան յուշանուէրներով մեծարեցին Մանուէլ Մարգարեանը (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանը, նոյն ատեն հանգուցեալ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի այրին՝ Անժէլ Խտըշեան ծաղկեփունջերով շնորհաւորեց մեծարեալ դերասանները:
«Ազդակ», Լիբանան