ՍԹԵՖԱՆ ՎԻՍՔՈՆԹԻ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գահ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թի ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան զին­քը շնոր­հա­ւո­րեց նշա­նակ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց՝ այս կա­րե­ւոր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յոյս յայտ­նեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ Ռու­սաս­տա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆրան­սա­յի միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ կ՚ըն­թա­նան շի­նիչ հու­նի մը մէջ։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան պատ­րաս­տա­կամ է շա­րու­նա­կել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ միա­սին ջան­քե­րը այդ նպա­տա­կով։

Վիս­քոն­թի Սերժ Սարգ­սեա­նին փո­խան­ցեց Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի ջերմ ող­ջոյն­նե­րը եւ հա­ւաս­տիա­ցուց, որ նոր պաշ­տօ­նին մէջ պի­տի աշ­խա­տի ջա­նա­սի­րա­բար՝ բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ու խնդրի կա­րե­ւո­րու­թեան գի­տակ­ցե­լով։ Ար­դա­րեւ, հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան, անվ­տան­գու­թեան ու բար­գա­ւաճ­ման։

Սարգ­սեան-Վիս­քոն­թի զրոյ­ցին ներ­կայ էր նաեւ Եդուարդ Նալ­պան­տեան։

Նոյն­պէս պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան-Վիս­քոն­թի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ հար­ցեր։ Ըստ Եդուարդ Նալ­պան­տեա­նի, բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման հա­մար հրա­մա­յա­կան է ան­շեղ ի­րա­կա­նու­ցու­մը այն հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ձեռք բե­րուած են Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին։ Այս ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Համ­պուր­կի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ պե­տու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։

Երեւանի շփումներէն առաջ ֆրանսացի դիւանա­գէտը այցելած էր նաեւ Պաքու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016