ՓԽՐՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հալէպի մէջ Սուրիոյ ներքին պատերազմին տեսակէտէ ամենածանր շրջաններէն մին կ՚ապրուի։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ապահովուած հրադադարը յոյս մը ներշնչած էր՝ քաղաքին մէջ պաշարուած ժողովուրդը դուրս բերելու տեսակէտէ, սակայն վերջին լուրերէն կարելի է հետեւցնել, որ կացութիւնը իսկապէս շատ փխրուն է։ Հակառակ հրադադարին, երէկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան բախումներ։ Սուրիոյ բանակն ու զինեալ ընդդիմադիրները զիրար մեղադրեցին այս մասին։ Օրուան տեւողութեան միջազգային գետնի վրայ դիւանագիտական աշխոյժ ու բազմակողմանի շփումներ տեղի ունեցան՝ Հալէպի հրադադարը երաշխաւորելու համար։ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջական մասնակցութիւն բերաւ այդ ջանքերուն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Միջազգային այս դիւանագիտական երթեւեկին մէջ էր նաեւ Թեհրանի ղեկավարութիւնը։
Ի վերջոյ, Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցի դրական արդիւնքի լոյսին տակ օրուան վերջաւորութեան վերահաստատուեցաւ յարաբերական լաւատեսութիւնը։ Այդ հիման վրայ ալ այս առաւօտ սկսաւ Հալէպի դատարկումը։ Հիւանդները փոխադրող ինքնաշարժները ճանապարհ դուրս եկան։ Բայց եւ այնպէս, հերթական բախումներու վերաբերեալ հաղորդումներն ալ չուշացան։ Միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին, որ պատահած են նոր դէպքեր։ NTV-ի հաղորդումներով, Հալէպի մէջ շիի զինեալներ կրակ բացին քաղաքային ժողովուրդի շարասիւնին վրայ։ Անձ մը զոհուեցաւ այս դէպքին հետեւանքով։ Սկզբնական տուեալներով կան չորս վիրաւորներ։
Միւս կողմէ, տարածքաշըր-ջանի ազդեցիկ երեք ուժերը՝ Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան նոր նախաձեռնութեան մը կը պատրաստուին Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ։ Մինչեւ տարեվերջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Սէրկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ կը նախատեսեն Մոսկուայի մէջ ունենալ հանդիպում մը՝ Սուրիոյ իրադարձութիւնները քննարկելու նպատակով։