10-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Հա­յոց Թե­մը վեր­ջերս տօ­նախմ­բեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 10-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան աշ­խոյժ օ­րեր ապ­րուած են Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մէն ներս։ Սեն գե­տի տա­փա­նա­ւե­րէն մէ­կուն վրայ այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ընթ­րիք մը, Էյ­ֆէ­լի աշ­տա­րա­կին մօտ։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի ա­ռըն­թեր ներ­կայ էին Փա­րի­զի նախ­կին ա­ռաջ­նորդ Տ. Գիւտ Արք. Նագ­գա­շեան ու թե­մի ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը՝ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան։ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Գրի­գոր Ա­բե­ղայ Խա­չատ­րեան, Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեան, Թե­մա­կան պատգա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Ժագ Տէ­յի­մեն­ճեան եւ ֆրան­սա­հայ բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս յո­բե­լե­նա­կան հա­ւա­քոյ­թին։ Փաթ­րիս Ճո­լո­լեան եւ այլ ա­տե­նա­խօս­ներ վեր­յի­շե­ցին թե­մի պատ­մու­թիւ­նը, նաեւ անդ­րա­դար­ձան ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան ու ծրագ­րե­րուն վրայ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Տար­ւոյն կնոջ ու այ­րին» պար­գե­ւատ­րու­մը։ Հարկ է նշել, որ այս կար­գը հաս­տա­տուած է Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ շնոր­հ-ւած մրցա­նակ­նե­րուն ար­ժա­նա­ցան եր­կու յայտ­նի ա­նուն­ներ։ «Տար­ւոյն կի­նը» տիտ­ղո­սին յետ մա­հու ար­ժա­նա­ցաւ հան­գու­ցեալ Թա­մա­րա Քո­չա­րեան-Պետ­րո­սեան, որ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ Ֆրան­սա­հա­յոց Թե­մի եւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած էր մեծ ե­ռան­դով։ Իր բա­րի յի­շա­տա­կը տա­կա­ւին վառ կը մնայ ֆրան­սա­հայ շրջա­նակ­նե­րէն ներս, հե­տե­ւա­բար ի­րեն շնոր­հուած կո­չու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը ստեղ­ծուե­լուն։ Ան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր Փա­րի­զի ե­կե­ղեց­ւոյ Ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հին։ Հան­գու­ցեալ Թա­մա­րա Քո­չա­րեան-Պետ­րո­սեա­նի հա­մար պատ­րաս­տուած պա­տուոյ գի­րը յանձ­նուե­ցաւ հան­գու­ցեա­լի քրոջ՝ Լե­նա Պօ­ղո­սեա­նին։ Իսկ «Տար­ւոյն այ­րը» տիտղո­սին ար­ժա­նի նկա­տուե­ցաւ «Ֆրանս-2» հան­րա­յին հե­ռուս­տա­կա­յա­նի «Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րը» յայ­տագ­րի հե­ղի­նակ Թո­մա Վա­լիւ։

Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի ո­րո­շու­մով՝ այս պար­գե­ւատ­րու­մը այ­սու­հե­տեւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­մէն տա­րի ու պի­տի յանձ­նուի եր­կու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց­մէ մին պի­տի ըլ­լայ հայ, իսկ միւ­սը ոչ։

Տաս­նա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ Փա­րի­զի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ թե­մի Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը։ Ֆրան­սա­յի բո­լոր կող­մե­րէն շուրջ քսան կղե­րա­կան­ներ հա­մախմ­բուե­ցան Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին եւ հո­վիւ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Բաց աս­տի, Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու տօ­նին օ­րը՝ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի բո­լոր՝ 54 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խա­տան­քի օր մը։ Կա­տա­րուե­ցան քննար­կում­ներ եւ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ֆրան­սա­հա­յոց ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Ա­ռաջ­նոր­դը, Թե­մա­կան խոր­հուր­դը եւ Թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շե­ցին 2017 թուա­կա­նին հա­մար ճշդել բնա­բան մը եւ ըստ այդմ յա­ռաջ տա­նիլ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ընտ­րուած բնա­բանն է՝ «Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­գա­մը՝ մե­րօ­րեայ ըն­կե­րու­թեան մէջ»։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016