«SIGNE» ՆՄՈՅՇՆԵՐ

«Փորթագալ» գեղարուեստի տունը վաղը հանդէս կու գայ եզակի նախաձեռնութիւնով մը։ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ աճուրդի միջոցաւ վաճառքի կը հանուին գոհարեղէններ եւ գոհարեղէնի նման ժամացոյցներ։ Այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Մայա Փորթագալ-Պիթարկիլի ջանքերով։ Ան 1914 թուականին հիմնուած «Փորթագալ» գեղարուեստի տան նորագոյն սերունդի ներկայացուցիչն է եւ կը համակարգէ ամբողջ աշխատանքը։

Վաղը, «The St. Regis Istanbul» պանդոկի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ «Signé» խորագրեալ այս գոհարեղէններու եւ ժամացոյցներու աճուրդը, որու ընդառաջ բոլոր նմոյշները ցուցադրուեցան «Փորթագալ» գեղարուեստի տան երդիքին տակ։ Այդ նմոյշները ձեւաւորուած եւ արտադրուած են միջազգային գրեթէ բոլոր յայտնի վաճառանիշներու կողմէ. օրինակ՝ Chanel, Chopard, Bulgari, Van Cleef&Arpels եւ այլն։

Մայա Փորթագալ-Պիթարկիլ կը կազմակերպէ այնպիսի աճուրդներ, որոնք վերջին շրջանին այս բնագաւառի պարագային նոր հորիզոններ կը սահմանեն Թուրքիոյ մէջ։ Ան կը մատնանշէ, որ ժամացոյցներն ու գոհարեղէնները միշտ նախընտրելի նմոյշներ եղած են աճուրդներու ժամանակ։ Ժամացոյցներն ու գոհարեղէնները կը համադրեն բարձրագոյն ճաշակն ու մեծագոյն վարպետութիւնը։ Հետեւաբար, ան ուրախառիթ կը համարէ միայն այդպիսի նմոյշներով աճուրդի մը կազմակերպումը։ Սա հետաքրքիրներու տեսակէտէ անգտանելի հնարաւորութիւն մըն է։

Մայա Փորթագալ-Պիթարկիլ համոզուած է նաեւ, որ Ամանորի ընդառաջ նախատեսուած այս աճուրդի մասնակիցները պիտի կարենան իրենց սիրելիներուն համար եզակի նուէրներ գտնել։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017