ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՄԻՇՏ ԱՆՀԱՂՈՐԴ ՎԻՃԱԿ

Հայաստան կը պատրաստուի մինչեւ յաջորդ տարուան գարունը առ ոչինչ հռչակել Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ 2009 թուականի Հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած այդ արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու մասին առաջին անգամ անցեալ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն խօսած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Վերջին օրերուն ալ այդ մասին Աթէնքի մէջ յիշեցուց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Այս կապակցութեամբ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով կատարուեցան յայտարարութիւններ։ Երէկ, Թուրքիա արձագանգեց Նալպանտեանի յայտարարութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ արձանագրութիւներու չվաւերացման մեղաւորը ոչ թէ թրքական կողմն է, այլ հայկական կողմը։ «Հակառակ Հայաստանի բացասական դիրքորոշման՝ Թուրքիա հաւատարիմ է արձանագրութիւններու հիմնական դրոյթներուն։ Արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգին վրայ, սակայն անոնց վաւերացման համար կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ քաղաքական մթնոլորտի եւ խաղաղութեան գոյութիւնը», նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հայկական աղբիւրները այս յայտարարութիւնը այնպէս կը մեկնաբանեն, թէ հերթական անգամ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհիմն ձեւով կը պայմանաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ։ Անգարայի կողմէ կատարուած յայտարարութեան ի պատասխան Երեւանի արձագանգը եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանի յայտարարութեան միջոցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանբերը շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու շուրջ Հայաստանի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած։ «Հայաստնի դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ բազմիցս արտայայտուած է, իսկ վերջին անգամ՝ երկու օր առաջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի՝ Աթէնքի մէջ ունեցած ելոյթին մէջ։ Այդ մէկը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած», յայտնած է Բալայեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017