ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՐՔԸ ԱՆՓՈՓՈԽ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները վերջին օրերուն Պրիւքսելի մէջ իրականացուցին երկօրեայ գագաթաժողով մը։ Եւրոմիութեան խորհուրդի Պրիւքսելի ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումէն վերջ յառաջացած միջազգային ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ, Եւրոմիութիւնը տեղեկացուց, որ կը վերահաստատէ Երուսաղէմի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը։ Եւրոպացի ղեկավարները տեղեկացուցին, որ ԵՄ հաւատարիմ կը մնայ երկու պետութիւններու հիմքով նախատեսուած լուծման եւ այս առումով իր դիրքորոշումը անփոփոխ կը պահէ Երուսաղէմի պարագային։ ԵՄ համոզուած է, որ 1968 թուականի սահմաններով երկու պետութեան մայրաքաղաքը ըլլայ Երուսաղէմը։ Այս առումով ԵՄ յայտարարեց, որ պէտք է խուսափիլ միակողմանի քայլերէն եւ Երուսաղէմի կարգավիճակը պէտք է ճշդուի բանակցութիւններու արդիւնքով։

Պրիւքսելի ժողովներուն ընթացքին ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքն ալ հանդէս եկաւ նման բնոյթով յայտարարութիւնով մը՝ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017