ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Թուրքիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի բարձրաստիճան զինուորականներուն մասնակցութեամբ երէկ անվտանգութեան հարցերու շուրջ շատ կարեւոր քննարկումներ տեղի ունեցան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Այսպէս, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զօրավարներու գագաթաժողով մը, որու մասնակիցները խոշորացոյցի տակ առին տարածքաշրջանի իրադրութեան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ ապագայի վերաբերեալ վարկածները։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի կեդրոնի զօրքերու հրամանատար զօրավար Ճոզըֆ Վոթըլը, ԱՄՆ-ի Եւրոպայի զօրքերու հրամանատար զօրավար Քէօրթիփ Սքափարոթթին եւ Իրաքի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օսման Կանիմին։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման առարկայ դարձաւ Իրաքէ ներս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում») պարտութեան մատնուելէն վերջ ստեղծուած նոր իրավիճակը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, զօրավարները նկատի առին Իրաքի եւ Սուրիոյ գլխաւորութեամբ տարածքա-շըրջանի ընդհանուր կացութիւնը անվտանգութեան տեսանկիւնէն եւ շօշափեցին այն նախազգուշական միջոցները, որոնք պէտք է ձեռք առնուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ։

Ըստ տեղական մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, ժողովական զօրավարները նկատի առին, որ ԻՇԻՊ քաղաքներու մէջ մատնուած է պարտութեան, սակայն տակաւին կը ջանայ դիմանալ անապատներու կամ լեռնային շրջաններու մէջ։ Ուստի, բարձրաստիճան զինուորականները օրակարգի վրայ ունեցան ԻՇԻՊ-ի զուգահեռ Իրաքի ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութենէն ալ մաքրագործման վերաբերեալ զինուորական թեքնիկ նիւթեր։ Հուլուսի Աքար մատնանշեց, որ Սինճարի գլխաւորութեամբ ՓՔՔ պէտք է դուրս մնայ ամբողջ Իրաքէն։ Ան ժողովականներուն հետ տեղեկութիւններ բաժնեց Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած ռազմաօդային գործողութիւններուն մասին՝ Հիւսիսային Իրաքի եւ Քանտիլի հարաւի, Իրաք-Իրան սահմանի մերձակայ Ասոսի շրջանէն ներս։ Իրաք-Սուրիա սահմանագօտիի անվտանգութեան խնդիրներն ալ զօրավարներու ուշադրութեան առարկայ դարձան։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քննարկուեցան նաեւ Աֆրինի վերաբերեալ նիւթեր։ Թրքական կողմը մասնաւորապէս ամերիկացի հրամանատարներէն պահանջեց Ուաշինկթընի կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին տրուած զէնք ու զինամթերքի ետ հաւաքուիլը։ Թրքական կողմը ներկայացուց նաեւ ցուցակը այն զէնքերուն, որոնք ԱՄՆ-ի կողմէ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին յանձնուած են, եւ աւելի վերջ անցած՝ ուղղակիօրէն ՓՔՔ-ի ձեռքը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017