ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Թերենս-Նիքոլաոս Քուիքը եւ Յունական Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, որ հայ-կիպրական եւ հայ-յունական սփիւռքներու միջեւ սկսած է աշխոյժ համագործակցութիւն մը։ Անցեալ Յունիսին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Ֆոթիս Ֆոթիուի կողմէ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը սկիզբ դրած է աշխոյժ համագործակցութեան մը։ Եռակողմանի ձեւաչափով այս հանդիպումը արդէն կազմակերպուած է երկրորդ անգամ։ Փոխըմբռնման այդ յուշագրին ներկայիս կը միանայ նաեւ Յունաստան՝ Նիքոլաոս Քուիքի ստորագրութեամբ։ Համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի յատկապէս այս երեք երկիրներու սփիւռքներուն միջեւ։ Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի կառավարութիւններուն, որոնք սփիւռքեան համայնքներուն համար ստեղծած են լաւագոյն պայմաններ՝ ազգային դիմագծի պահպանման ու զարգացման նպատակով։ Նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ ներկայիս կը շարունակուին լաւագոյն յարաբերութիւնները այս երեք երկիրներուն միջեւ բոլոր ոլորտներէն ներս։ «Մեր գլխաւոր նպատակն է աւելի աշխոյժ աշխատանք տանիլ երիտասարդութեան հետ, զանազան երկիրներու մէջ կազմակերպել հաւաքներ՝ հայ, յոյն եւ կիպրացի երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Ծրագրած ենք նաեւ այս երեք երկիրներու մասնակցութեամբ կազմակերպել գիտական, կրթական, մշակութային ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէսներ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ շեշտեց, որ աշխարհի վրայ այս համագործակցութիւնը աննախընթաց է՝ առաջին անգամ երեք երկիրներ միասին կը զբաղին սփիւռքի հարցերով։

Ֆոթիս Ֆոթիու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մենք ունինք պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական կապեր, մեր կառավարութիւնները կը համագործակցին, ժամանակն է, որ համագործակցին նաեւ մեր սփիւռքները, յատկապէս երիտասարդները»։ Իր կարգին, Նիքոլաոս Քուիքն ալ կարեւորեց երիտասարդներու հետ համակարգուած աշխատանքը։ «2018 թուականը հարուստ պիտի ըլլայ մեր համատեղ հանդիպումներով ու ձեռնարկներով։ Տարուան օրակարգը արդէն ներկայացուեցաւ ամբողջութեամբ։ Աւելցնեմ, որ առաջին հերթին Փարիզի մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ, իսկ երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր կայ հայկական մեծ համայնք մը։ Այստեղ մենք պիտի կազմակերպենք ցուցահանդէս մը։ Կարեւորը սկսիլն է», ըսաւ ան։

Նոյնպէս երէկ, Երեւանի եռակողմանի այս հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Քուիքը եւ Ֆոթիուն՝ ուղեկցութեամբ Հրանոյշ Յակոբեանի։ Հանդիպման սկիզբին Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց հիւրերու այցելութեան նպատակը եւ կարեւորեց սփիւռքի հարցերու շուրջ սկզբնաւորուող եռակողմանի համագործակցութիւնը։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերը ողջունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ նշելով, որ նման համագործակցութեան համար ամուր հիմք կը ծառայեն դարերով ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւնները։ Սփիւռքի համախմբման տեսակէտէ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց եկեղեցիներու առաքելութիւնը ու անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ սփիւռքի զանազան համայնքներէ ներս սերտ համագործակցութեան։

Քուիք ընդգծեց, որ սփիւռքի համախմբուածութեան ամենակարեւոր կամուրջը կրօնն է եւ եկեղեցին։ Այս առումով ան կարեւորեց եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը սփիւռքի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման գործին մէջ։ Իր կարգին, Ֆոթիուն ալ շեշտեց, որ սփիւռքը մեծ ուժ մըն է եւ կրնայ նպաստել ազգային շահերուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017