ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմէն ներս վերջերս նշուեցան երկու կարեւոր յոբելաններ։ Այսպէս Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ եւ Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեանի քահանայագործութեան 35-ամեայ կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուեցաւ յոբելենական շքեղ հանդիսութիւն մը։ Պրազիլահայ գաղութի տեսակէտէ եզակի ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Համագաղութային մակարդակով երեկոյթը կազմակերպուեցաւ Պրազիլահայոց Թեմի Ազգային ներկայացուցչական մարմնին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Անտրէ Քըսաճըքեանի։ Աւելի քան 450 հրաւիրելաներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Սան Փաուլոյի այս երեկոյթը։ Մասնակիցներու շարքին էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, թեմի հոգեւորականաց դասը, պաշտօնական դէմքեր եւ պրազիլահայ ընտրանիէն անուններ։

Յաւուր պատշաճի ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Անտրէ Քըսաճըքեան, որ շնորհաւորեց յոբելեարները եւ դրուատեց անոնց գործունէութիւնը։ Ապա արտայայտուեցաւ Պրազիլիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեան, որ յոբելեարներուն յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհուած ոսկէ մետայլները։

Հաւաքոյթի տեւողութեան արտայայտուեցան նաեւ յոբելեարները։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան երախտագիտութիւն յայտնեց մեծարանքի հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ ամբողջ պրազիլահայութեան։ Իր կարգին, Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեանն ալ հովուական ծառայութեան առընթեր մատնանշեց իր տարած աշխատանքը՝ որպէս գաղութի միակ ամենօրեայ դպրոցի՝ Դուրեան ազգային վարժարանի տնօրէնը։

Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, ելոյթներէն վերջ մեծարանքի հանդիսութեան յայտագիրը շարունակուեցաւ երաժշտական կատարումներով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017