ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները այս շրջանին մշտական կապ կը պահեն, անխափան հաղորդակցութեան մէջ են առկայ տարածքաշրջանային մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Այս առումով Էրտողանի եւ Թրամփի երէկուան հեռախօսազրոյցը հերթական բնոյթ ունէր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու նախագահները համաձայնեցան, որպէսզի Սուրիոյ պարագային Անգարայի եւ Ուաշինկթընի քայլերը համակարգուին աւելի ազդու ձեւով։

Էրտողան եւ Թրամփ հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկկողմանի օրակարգի խնդիրներուն առընթեր կանգ առին անվտանգութեան հարցերու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք առաջնահերթօրէն արժեւորեցին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Նախագահ Էրտողան Թրամփի նկատառման յանձնեց Թուրքիոյ արդար ու օրինական մտահոգութիւնները, որոնք ծնունդ կ՚առնեն ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան գոյութեան ու գործունէութեան հետեւանքով։ Նոյն հիման վրայ անոնք համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերու պարագային աւելի աշխոյժ համակարգման մէջ գտնուին։

Էրտողանի եւ Թրամփի հեռախօսազրոյցը յաջորդեց վերջին օրերուն Անգարայէն հնչած վճռակամ պատգամներուն։ Արդարեւ, նախագահ Էրտողան նախընթաց օր յայտնած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկել նաեւ Եփրատի արեւելքին՝ երաշխաւորելու համար իր սահմանային անվտանգութիւնը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ այդ հեռանկարը կը դիտարկէ զանազան վերապահութիւններով։ Յամենայնդէպս Էրտողան յայտնած էր, որ Թուրքիա այդ գործողութիւնները կրնայ իրականացնել ի հեճուկս ամերիկեան կողմին։ Ուստի, Էրտողանի եւ Թրամփի երէկուան հեռախօսազրոյցը պայմանաւորուած էր այսպիսի մթնոլորտով մը։ Երկու ղեկավարները, որոնք մօտաւոր անցեալին Արժանթինի մէջ ալ երես-երեսի զրուցած էին երկու անգամ, երէկ հերթական անգամ կանգ առին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ համապատասխան անհանգստութիւններուն վրայ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018