ԱՐՑԱԽԸ ՕՂԱԿԻ ՄԷՋ

Արցախը կը շարունակէ օղակի մէջ մնալ։ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ Հայաստան-Արցախ կապը խզուած։ Արցախահայութիւնը կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ՝ մարդասիրական լուրջ աղէտի դէմ յանդիման մնացած ըլլալով։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ յայտնեց, որ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման ենթարկելու նպատակ ունի։ Կառավարութեան նիստի բացման վարչապետը արտայայտեց այն համոզումը, թէ Լաչինի միջանցքի տագնապը յառաջացած է՝ Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւններու չկատարման հետեւանքով։ Փաշինեանի խօսքով՝ Արցախի մէջ 120 հազար հոգի փաստացիօրէն յայտնուած է պատանդի կարգավիճակի մէջ։ Ատրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան խախտումները քրոնիկ բնոյթ ստացած են։ Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւն չունենալուն վերաբերեալ Պաքուի շարունակական պնդումներն ալ կը համարուին այդ նոյն փաստաթուղթի կոպտագոյն խախտում։ «Անհեթեթ, տգէտ են այն բոլոր պնդումները, թէ Հայաստան միջանցքի մը տրամադրման համար բանաւոր խոստում տուած է Ատրպէյճանին», ըսաւ Փաշինեան։

Միջազգային հանրութիւնն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի փակման հարցին նկատմամբ։ Աշխարհի զանազան ուժային կեդրոններէն կը հնչեցուին կոչեր, սակայն, հասկնալի է, որ այդ բոլորը շօշափելի արդիւնք մը չեն կրնար ապահովել։ Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ժամանակ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Նիւ Եորքի մէջ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Ան հայկական կողմի մտահոգութիւններն ու ակնկալութիւնները օրակարգի վրայ բերաւ բոլոր շփումներուն ընթացքին։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ալ երէկ խորհրդակցութեան հրաւիրուեցան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները, որոնց նկատառման յանձնուեցան Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ յայտնեց, որ մինչեւ տարեվերջ ուղիղ շփումի հնարաւորութիւն մը կրնայ ըլլալ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ՝ ԱՊՀ-ի անպաշտօն գագաթաժողովի շրջանակին մէջ։

ՑՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը երէկ ցոյց մը կազմակերպեց Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ։ Հանրապետութեան հրապարակի ցուցարարներու շարքին էր երկրի նախկին ղեկավարը՝ Սերժ Սարգսեան։ «Ատրպէյճանցիները չեն հետաքրքրուած հանքավայրերով, անոնք կը փափաքին հպատակացնել Արցախը», ըսաւ նախկին նախագահը։

«Արցախցիները այս անգամ ալ պիտի դիմակայեն, ուղղակի հարցական է, թէ ի՞նչ գին պիտի վճարենք», ըսաւ Սերժ Սարգսեան Լաչինի միջանցքի պարագային ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022