ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր խոս­տա­ցաւ աշ­խոյժ ըլ­լալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, որ Շթայ­նմա­յէր անդ­րա­դար­ձած է ԵԱՀԿ-ի մօտ գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նի սկսե­լուն։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Գեր­մա­նիա ԵԱՀԿ-ի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը կը ստանձ­նէ բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, անհ­րա­ժեշտ է, որ ԵԱՀԿ դառ­նայ հար­թակ մը՝ երկ­խօ­սու­թիւն եւ վստա­հու­թիւն ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Շթայն­մա­յէ­րի խօս­քե­րով՝ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ պի­տի դառ­նան Ուք­րայ­նոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ի­րա­վի­ճա­կի դի­տարկ­ման գծով ա­ռա­քե­լու­թեան ու­ժե­ղա­ցու­մը։ «Մենք նաեւ պի­տի մաս­նակ­ցինք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի, Մերձտ­նեստ­րի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու լուծ­ման ու պի­տի աշ­խու­ժաց­նենք տեղ­ւոյն վրայ ԵԱՀԿ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն աշ­խա­տան­քը», ը­սաւ Շթայն­մա­յէր։

1 Յու­նուար 2016 թուա­կա­նի դրու­թեամբ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը Սեր­պիա­յէն ան­ցաւ Գեր­մա­նիոյ։ Նախնթաց օր, Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր Վիեն­նա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ծրա­գի­րը։ ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դին առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Շթայն­մա­յէր շեշ­տեց, որ պէտք է աշ­խու­ժաց­նել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի լուծ­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Ներ­կա­յիս շփման գծին վրայ առ­կայ լարուա­ծու­թեան թու­լա­ցու­մը ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի տե­սան­կիւ­նէն։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին մէջ Գեր­մա­նիա՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ պե­տու­թիւն, իր ջան­քե­րը պի­տի գոր­ծադ­րէ ա­ջակ­ցե­լու հա­մար Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար միա­ւո­րուած լու­ծում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։ Այս ձգտում­նե­րը պէտք է աշ­խու­ժաց­նել։ Մենք մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը կը յայտ­նենք հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին եւ հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Լա­րուա­ծա­յին թու­լա­ցու­մը կը մնայ ա­ռաջ­նա­յին նպա­տակ, այս պատ­ճա­ռով մենք կ՚ա­ջակ­ցինք ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախտ­ման հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հար­ցին մէջ», ը­սաւ ան։

Ո­ՒՈՐ­ԼԻ­ՔԻ ԼՈՆ­ՏՈՆ ԱՅ­ՑԸ

Իր կար­գին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիքն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն Լոն­տոն կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգ­լիոյ Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով նա­խա­րար Տէյ­վիտ Լի­տինկ­տը­նի հետ։ Ո­ւոր­լիք եւ Լի­տինկ­տըն այս առ­թիւ խորհր­դակ­ցե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը տե­ղե­կա­ցուց, թէ քննար­կու­մը ան­ցած է յա­ջող։

Լոն­տո­նի մէջ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը քննար­կեց նաեւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ գծով տնօ­րի­նու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար Մայ­քըլ Թեթ­հէ­մի հետ։ Բաց աս­տի, ան կլոր սե­ղա­նի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի գծով մաս­նա­գէտ­նե­րու, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րէ դէմ­քե­րու հետ՝ նոյն­պէս քննար­կե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Հարկ է նշել, որ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի Լոն­տոն այ­ցե­լու­թիւ­նը յա­ջոր­դեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած փակ քննարկ­ման։ Հարկ է նշել, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդրին վե­րա­բե­րեալ այդ դռնփակ քննարկ­ման մաս­նակ­ցած էր նաեւ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք։

ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած այս հան­դիպ­ման զու­գա­հեռ՝ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս շեշ­տեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շրջագ­ծով բռնու­թիւ­նը հա­սած է գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Ան կոչ ուղ­ղեց ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին՝ որ­պէս­զի ա­րա­գա­ցուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս բռնու­թիւ­նը վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­սած է իր գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Միայն վեր­ջին ամ­սուան ըն­թաց­քին մենք լսած ենք ծանր սպա­ռա­զի­նու­թեան յար­ձակ­ման եւ հրա­սայ­լե­րու կրա­կի մա­սին, ինչ որ հրա­դա­դա­րի բա­ցա­յայտ խախ­տում մըն է։ Որ­պէս դես­պան՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք կը նշէ, որ սա սա­ռե­ցեալ հա­կա­մար­տու­թիւն մը չէ, այլ մոռ­ցուած հա­կա­մար­տու­թիւն մը, վե­րահս­կո­ղու­թե­նէ դուրս գա­լու մեծ ռիս­քով մը։ Ա­հա թէ ին­չու մենք բո­լորս ու­նինք բո­լոր դի­պու­կա­հար­նե­րը հե­ռաց­նե­լու, ար­տա­սահ­մա­նէն ա­ւե­լի շատ դի­տորդ­ներ տե­ղա­կա­յե­լու կա­րիք։ Բռնու­թեան դրսե­ւոր­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րը պէտք է դա­տա­պար­տուին», նշեց Էտ Ռոյս, ո­րու հա­մոզ­մամբ վար­չա­կազ­մը որ­քան ա­րագ կա­րե­նայ օգ­նել խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, այն­քան ա­ւե­լի ա­րագ ան օգ­նած պի­տի ըլ­լայ նաեւ վերջ տա­լու սպա­նու­թիւն­նե­րուն եւ կան­խե­լու պա­տե­րազ­մը։

Հարկ է նշել, որ Էտ Ռոյս եւ գոնկ­րէ­սա­կան Է­լեըթ Էն­կէլ մի­ջոց մը ա­ռաջ ա­ռա­ջար­կած էին ե­րեք յստակ քայ­լեր, ո­րոնք կրնան նպաս­տել տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս բո­լո­րին հա­մար հա­մա­պար­փակ ու տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ Ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցած նա­մա­կին եւս ութ­սուն գոնկ­րէ­սա­կան­ներ միա­ցած էին ի­րենց ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով։ Ռոյ­սի եւ Էն­կէ­լի ա­ռա­ջարկ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն՝ շփման գծին վրայ չտե­ղա­կա­յել դի­պու­կա­հար­ներ, ԵԱՀԿ-ի կող­մէ վե­րահս­կուող զար­գա­ցած կրա­կոր­սիչ հա­մա­կար­գեր եւ ձայ­նա­յին սար­քա­ւո­րում­ներ տե­ղա­կա­յել՝ յար­ձա­կում­նե­րու աղ­բիւ­րը ճշդե­լու հա­մեր եւ ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­ներ տե­ղա­կա­յել՝ շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու դէպ­քե­րը ա­ւե­լի լաւ վե­րահս­կե­լու հա­մար։

ՆՈՐ ՅԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՄ­ՆԵՐ

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ ապ­րուած այս բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին վրայ բռնու­թեան դէպ­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Նա­խորդ գի­շեր հայ-ա­զէ­րի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէն կա­տա­րուե­ցան յար­ձա­կում­ներ։ Ար­ցա­խի ուղ­ղու­թեամբ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին նաեւ ներ­թա­փանց­ման փորձ։ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը կան­խե­ցին այս հե­տա­խու­զա­կան յար­ձա­կու­մը, ա­ռանց կո­րուստ­ներ տա­լու։ Ստե­փա­նա­կեր­տի աղ­բիւր­նե­րու մա­տու­ցած տուեալ­նե­րով, եր­կու ա­զէ­րի զի­նուոր­ներ զոհ գա­ցած են այս բա­խում­նե­րուն։

Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայտ­նեց, թէ 2016 թուա­կա­նի դրու­թեամբ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցուած հիմ­նա­կան ա­ռա­ջարկն է՝ սահ­մա­նա­յին դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղ­ծու­մը։ Փոխ-նա­խա­րա­րը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ վեր­ջերս կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հան­դի­պում­նե­րը կը կրեն զուտ ձե­ւա­կան բնոյթ։ Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի խօս­քե­րով, սա ար­դէն բա­ւա­րար է հասկ­նա­լու վե­րա­բեր­մուն­քը թէ՛ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ թէ կար­գա­ւոր­ման սկզբունք­նե­րուն նկատ­մամբ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց չ՚ար­ձա­նագ­րուիր տա­րի­նե­րէ ի վեր, որ­քան որ ալ միջ­նորդ­նե­րը ջա­նան նման հան­դի­պում­ներ կազ­մա­կեր­պել հնա­րա­ւո­րինս յա­ճա­խա­կիօ­րէն։ Գի­տակ­ցե­լով, որ կող­մե­րէն մէ­կը՝ Ատր­պէյ­ճան, ըստ էու­թեան, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու քօ­ղին ներ­քեւ կը շա­րու­նա­կէ ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռա­ջարկ­նե­րը կեդ­րո­նա­ցած են այն սկզբուն­քին վրայ, որ սահ­մա­նին եւ շփման գծին վրայ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­ներ անհ­րա­ժեշտ են՝ հա­մա­պա­տաս­խան սար­քա­ւո­րում­նե­րու գո­յու­թեամբ։ «Սա կը նշա­նա­կէ, որ միջ­նորդ­նե­րը ան­հանգս­տա­ցած են ու կը փոր­ձեն նոր ու­ղի­ներ ա­ռա­ջար­կել։ Ե­թէ մենք յա­ջո­ղու­թեան չհաս­նինք, վաղ թէ ուշ այլ մօ­տե­ցում մը պի­տի հա­սուն­նայ՝ կամ Ատր­պէյ­ճա­նին հար­կադ­րե­լու եւ կամ ալ ուղ­ղա­կի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­նաչ­ման հա­մար գոր­ծըն­թաց մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Միւս կող­մէ, «Կով­կաս» կա­ճա­ռի տնօ­րէն Ա­լեք­սանտր Իս­կան­տա­րեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար վե­րա­ծուած է երկ­րոր­դա­կան խնդրի մը։ Ներ­կայ դրու­թեամբ այդ երկ­րի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մը։ Ըստ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բա­նին, թէեւ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը ա­ռաջ­նա­յին չէ, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Պա­քուի մէջ կը հասկ­նան պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման սպառ­նա­լի­քի լուրջ մի­ջոց մը ըլ­լա­լը ու կ՚օգ­տուին այդ մէ­կէն։ Իս­կան­տա­րեան ը­սաւ. «Ատր­պէյ­ճան այս պա­հուն Ղա­րա­բա­ղի ժա­մա­նա­կը չու­նի։ Հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը Պա­քուի հա­մար այ­լեւս ա­ռաջ­նա­յին խնդիր մը չէ։ Սա­կայն զու­գա­հե­ռա­բար, պա­տե­րազ­մա­կան սպառ­նա­լի­քը լուրջ մի­ջոց մըն է եւ Ա­լիեւ կ՚օգ­տուի այդ մէ­կէն։ Ի հար­կէ, սահ­մա­նին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը չի դադ­րե­ցուիր ու նոյ­նիսկ չի թու­լա­նար։ Ռազ­մա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թիւնն ալ պի­տի շա­րու­նա­կուի ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կով, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պէտք է հասկ­նալ, որ սա կը յան­գեց­նէ երկ­րի դրամ­նե­րու նուազ­ման։ Ակն­յայտ է միակ բան մը՝ Ատր­պէյ­ճան պի­տի չդի­մէ լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու»։ Ան համոզուած է, թէ նաւթի գիներու անկման մթնոլորտին մէջ Արեւմուտքը կրնայ ճնշել Ատրպէյճանի վրայ, ուր կրնայ տեղի ունենալ ընկերային պայթում մը։

Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Արման Մելիքեանն ալ յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ պէտք է ըլլայ Պաքուի մէջ այլ ուժերու իշխանութեան գլուխ գալու հաւանականութեան։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016