ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն այ­ցե­լեց Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կը, ուր իր բիւր յար­գան­քը մա­տոյց ա­հա­բեկ­չա­կան վեր­ջին յար­ձակ­ման զո­հե­րուն նկատ­մամբ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած եւ տա­սը գեր­ման զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած այս ան­մարդ­կա­յին դէպ­քի զո­հե­րու ի յի­շա­տակ Էր­տո­ղան թո­ղուց ծա­ղիկ­ներ։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա, այլ նա­խա­րար­ներ եւ բազ­մա­թիւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Տեղ­ւոյն մզկի­թին մէջ ուր­բա­թօ­րեայ պաշ­տա­մուն­քը կա­տա­րե­լէ վերջ, Էր­տո­ղան զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան այս առ­թիւ լրագ­րող­նե­րու նկա­տառ­ման յան­ձեց, որ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ վեր­ջին օ­րե­րուն բաժ­նած են Թուր­քիոյ ցա­ւը եւ յայտ­նած՝ զօ­րակ­ցու­թիւն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ վշտակ­ցու­թիւն ալ յայտ­նեց գեր­մա­ն ժո­ղո­վուր­դին, ի մաս­նա­ւո­րի զո­հե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, բո­լո­րը պէտք է գիտ­նան, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ Թուր­քիոյ պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի վճռա­կա­մու­թեամբ։ Էր­տո­ղան տե­ղե­կա­ցուց, որ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է՝ նեղ շրջա­նա­կով անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուած են յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին առ­նուե­լիք քայ­լե­րը։ Ան յի­շե­ցուց, որ Սուլ­թա­նահ­մէ­տի պայ­թու­մը Ի­ՇԻՊ-ի ա­ռա­ջին դէպ­քը չէր Թուր­քիոյ մէջ, նա­խա­պէս ապ­րուած էին Թուր­քիոյ դէմ տա­սը յար­ձա­կում­ներ։ Իր խօս­քե­րով, ներ­կա­յիս պայ­քար կը մղուի այն բազ­մա­թիւ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ, ո­րոնք կը ձգտին Թուր­քիան դժուար կա­ցու­թեան մատ­նել՝ իր շուր­ջի եր­կիր­նե­րուն նմա­ն։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016