ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սար­գսեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Ե­գիպ­տո­սի նո­րան­շա­կան դես­պան Թա­րըք Մաա­թին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին, որ իր հեր­թին խոս­տա­ցաւ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նել՝ նպաս­տե­լու հա­մար հայ-ե­գիպ­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։

Սերժ Սարգ­սեան եւ Թա­րըք Մաա­թի ա­ւե­լի վերջ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն ու ա-նոնց լուծուման որոնումներուն շուրջ։

Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներուն հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները թեւակոխած են զարգացման նոր հանգրուան։ Երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը ունի մեծ ներուժ մը եւ անհրաժեշտ է այդ մէկուն լիարժէքօրէն օգտագործուիլը։ Փոխադարձ բարձրաստիճան այցելութիւնները, քաղաքական աշխոյժ երկխօսութիւնը, միջկառավարական կամ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով յաճախակի շփումներ կրնան նպաստել այդ նպատակին։ Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանը նշեց, որ իր հայ պաշտօնակիցներուն հետ արդէն իսկ քննարկումներ ունեցած է Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովին գործունէութիւնը ընթացիկ տարուան մէջ  վերսկսելու հնարաւորութեան շուրջ։ Դեսպանը կը յուսայ, որ յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքին զգալիօրէն պիտի աշխուժանան առեւտրատնտեսական կապերը։ Զրուցակիցները շօշափեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններէն ներս փոխադարձ բարեկամութեան խումբեր ստեղծելու կարելիութիւնը։

Սարգսեան եւ Մաաթի ընդգծեցին եգիպտահայ համայնքի առանձնայատուկ դերը՝ Հայաստան-Եգիպտոս բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016