ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՄԵՏԱՂԱԴՐԱՄ ՄԸ 40 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐՈՎ ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ ԱՃՈՒՐԴԻ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Կիլիկիոյ Լեւոն Ա. հայոց թագաւորի (1198-1219) գահակալութեան շրջանին պատկանող հայկական ծայր աստիճան հազուագիւտ ոսկէ մետաղադրամ մը առցանց աճուրդի մը արդիւնքին վաճառուեցաւ 40 հազար ամերիկեան տոլարի փոխարժէքով։ «Cngcoins.com» կայքէջի հաղորդումներուն հիման վրայ «news.am» տեղեկացուց, թէ այս մետաղադրամին տրամագիծը 19.5 միլիմեթր է, իսկ ծանրութիւնը՝ 2.46 կրամ։ Մետաղադրամի մէկ երեսակին վրայ պատկերուած է Լեւոն Ա.-ը՝ առիւծի գահուն բազմած, ձախ ձեռքին՝ ջրաշուշան, իսկ աջին՝ խաչ։ Մետաղադրամին միւս երեսակին վրայ կ՚երեւին թաթերու վրայ կանգնած երկու առիւծներ՝ կաթողիկոսի խաչով։
Աճուրդի դրուած մետաղադրամը ներկայացուած է Լաուրընս Էտըմսի «Արարատեան հաւաքածու»էն։ Սկզբնական գինը սահմանուած էր 50 հազար ամերիկեան տոլար։ Նախորդ շաբաթ վաճառուած այս մետաղադրամին գնորդը յայտնի չէ։