ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ. ՏԵՂՔԱ՞ՅԼ ԿԱՄ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
Անցնող օրերուն լրատուական գործակալութիւններ ուշի ուշով հետեւեցան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կենատի Կաթիլովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան պատասխանատուներէն՝ Անն Փիթըրսընի միջեւ ընթացած հանդիպումներուն: Երկու դիւանագէտները մեծ ճիգեր կը կատարեն յաջողցնելու համար յառաջիկայ 25 Յունուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուած եւ Սուրիոյ տագնապին յատկացուած «Ժընեւ-3»ը: Տարբեր աղբիւրներ նաեւ կը գրեն, թէ ժողովի կայացման հիմնական արգելքը, որ ցարդ չէ հարթուած, Սուրիոյ ընդդիմութեան ժողովին մասնակցութեան ձեւաչափն է: Ու նոյն առումով մինչ Սէուտական Արաբիա ճնշումներ կը բանեցնէ, որպէսզի ժողովին մասնակից ընդդիմադիրները ըլլան Ռիատի մէջ անցեալ Դեկտեմբերին մասնակցող բոլոր կողմերը, անդին Մոսկուա կը փորձէ իր կողմէ «հովանաւորուող» կողմին մասնակցութիւնը ապահովել: Հովանաւորումի մը մասին խօսքը շատ իրաւացի չէ, որովհետեւ այդ նախատեսուած ընդդիմադիր կողմը խորքին մէջ Սուրիոյ կառավարութեան առա-ջարկած կողմն է: Անկախ ամէն ինչէ, ինչպէս տարբեր առիթներով ալ գրած ենք, կարեւոր է հասկնալ, որ Սուրիոյ շուրջ ընթացող քաղաքական որեւէ խմորում նախ եւ առաջ կարիք ունի գետնի վրայ իրավիճակ պարտադրող ուժերու: Այսինքն, ո՛չ Մոսկուա, ո՛չ ալ Ուաշինկթըն կրնան իրենց «բարի կամք»ը պարտադրել: Ռիատի համար կարեւոր եւ անշրջադարձելի է Դամասկոսի գիւղական շրջանները իրենց հիմնական կեդրոնատեղի դարձուցած «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի մասնակցութեան խնդիրը: Ու հակառակ անոր, որ այս զինեալը, որուն զինեալներուն թիւը ըստ տարբեր աղբիւրներու կը հասնի 15 հազարի, ծանր հարուած ստացաւ իր առաջնորդ Զահրան Ալլուշի սպանութեամբ, սակայն կամք թելադրող կարողութիւն ունի: Երեւելի է նաեւ, որ շրջանային ուժերուն համար ընդդիմադիր ուժերուն տկարանալը ձեռնտու է: Առաջուան ուժականութիւնը չունին ո՛չ «Ալ Նուսրա» ճակատը, ո՛չ «Ժայշ Ալ Իսլամ»ը եւ ոչ ալ աւելի ծայրայեղական «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ը (ԻՇԻՊ), որ յարձակողական դիրքերէ ետ մղուելով անցած է պաշտպանողական դիրքերու: Խօսելով զին-ւորական գետնի վրայ գրանցուող դէպքերուն, պէտք է ընդգծել նաեւ Լաթաքիոյ շուրջ ընթացող մարտերուն մասին, ուր Սուրիոյ բանակը, միշտ ստանալով ռուսական օդուժին նեցուկը, յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել Լաթաքիոյ հիւսիսային հատուածին գտնուող Սալմա շրջանը: Աւանը, որ կը գտնուի 800 մեթր բարձրութեան վրայ, ամբողջ շրջանին «վերահսկելու» ռազմավարական դիրք ունի: Սալման, որ կը համարուի ընդդիմադիր ջոկատներու «սիրտ»ը, այսօր անցնելով Սուրիոյ կառավարական ուժերուն ձեռքը, բնականաբար պիտի դառնայ բանակին յառաջիկայ գործողութեանց ելման կէտը: Այսինքն Սալմայէն ետք Սուրիոյ բանակին աչքերը կ՚ուղղուին դէպի «Ժապալ Քրատ» (Ժապալ արաբերէնով կը նշանակէ լեռ) ու ապա «Ժապալ Թըրքման» հատուածները: Տեղին է նշել, որ Սալմային գրաւումը տեւած է հարիւր օր եւ սուրիական բանակը կարեւոր զոհողութիւններու գնով է միայն, որ յաջողեցաւ ընդդիմութեան «անառիկ բերդ» համարուող շրջանը վերցնել իր տիրապետութեան տակ:
Տեղին է նշել, որ Սուրիոյ չափաւորական համարուած ըննդիմադիր զինեալ ջոկատներուն մէջ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան: Այս առումով լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթը կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ կը գրէ, որ կան ընդդիմադիր ջոկատներու միջեւ բուռն վէճեր, որոնք առիթ կը հանդիսանան, որ այդ խմբաւորումները տեղի տան եւ ընկրկին: Այսպէս օրինակ՝ «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի Իտլիպի պատասխանատուներէն՝ Ապտալլա Ալ Մուհայսինի Սալմայի անկումէն ժամեր անց յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով՝ կ՚ըսէր, թէ Սալմայի անկումը կապ չունի ներքին խլրտումներու հետ, այլ ընդդիմութեան ստացած այդ հարուածը արդիւնք է զինեալներուն միջեւ համագործակցութեան պակասին: Մուհայսինի նաեւ կը յիշեցնէ, որ իրենց համար կան տարբեր առաջնահերթութիւններ եւ ճիշդ չէ Սալմայի անկումը վերագրել ներքին դաւերու:
Պէտք է նկատի առնել նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութեան համար նախքան որեւէ բանակցութեան սեղանի նստիլը, կարեւոր է զինուորական նոր յաջողութեան քարտ մը ցոյց տալ: Ուրեմն Յունուարին սպասուող բանակցութիւններուն ընդառաջ բացայայտ կ՚երեւի, որ Սալմայի «յաղթանակ»ը կարեւոր քարտի մը պիտի վերածուի: Իսկ թէ ի՛նչ մօտեցումով հանդէս պիտի գան ընդդիմադիր կողմեր տակաւին յստակ չէ:
Այլապէս ալ տեղին չէ «Ժընեւ-3»էն կարեւոր դրական տեղաշարժ սպասել, տրուած ըլլալով, որ քաղաքական օրակարգին առընթեր ո՛չ Ռիատ եւ ոչ ալ Ուաշինկթըն պատրաստ են իրենց դիրքերէն զիջիլ եւ մէկդի դնել իրենց համար ամենէն կարեւոր համարուող Սուրիոյ նախագահին՝ Պեշար Էսատին իշխանութենէն անվարան հեռացումը:
Միամտութիւն է ենթադրել նաեւ, որ այս օրակարգին գծով ալ Մոսկուա փոխէ իր դիրքերը, հակառակ ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ մերթ ընդ մերթ հնչած այն խօսքերուն՝ ըստ որոնց Էսատ պիտի հեռանայ 2017 թուականին: Ո՛ր կողմին համար տրամաբանական կրնայ սեպուիլ, թէ անցնող տարիներու ամենէն ծանր օրերուն իշխանութիւնը պահած Էսատ այսօր կրնայ լքել իր պաշտօնը: Տրուած ըլլալով նաեւ, որ այսօրուան իրավիճակը Էսատի համար շատ աւելի բարենպաստ է, քան ըսենք ասկէ տարի մը առաջ եղած ընդհանուր վիճակը:
Խնդիրը Էսատի հեռացումը կամ իշխանութեան վրայ մնալը չէ: Խնդիրը սիւննի աշխարհին ու մասնաւորապէս Ռիատին անհեռանկար քաղաքականութիւն մը ունենալն է, որ հետզհետէ աւելիով կրնայ վնասել անոր ընդհանուր վարկին ու դերակատարութեան:
Նաւթի, զէնքի, զինեալներու, հրոսակներու, անօթութեան, մետիայի բոլոր զէնքերը օգտագործելէ անդին Ռիատի տէրերը տակաւին չեն նկատած, որ Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն, Լաթաքիոյ լեռնային հատուածներուն կամ Հալէպի հարաւային գիւղերուն դէմ իրենց այսօր մղած մարտերը կը մղուին ոչ թէ Էսատի ու անոր հրամանը կատարող բանակին, այլ մանաւանդ Մոսկուայի դէմ: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ ԻՇԻՊ-ի տարբեր երանգներուն եւ Եւրոպայի մէջ գլուխ բարձրացուցած վտանգին դիմաց Արեւմուտքին համար ալ տանելի չէ, որ Ռուսաստան պարտութիւն կրէ Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ: Մոսկուա-Ռիատ ուղղակի կապերու խզումին իբրեւ հետեւանք ծանր գին կը վճարէ ոչ թէ Սուրիոյ մէջ կռուող զօրքերը եւ զինեալները, այլ սուրիացի անզէն ժողովուրդը, որ դարձած է տարբեր սովի, տանջանքի, գաղթի եւ այլ պատերազմական դրութիւններու գերին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն մօտեցումներուն, ըստ որոնց Մոսկուա կրնայ յոգնիլ սուրիական պատերազմէն, այդ ալ թիւր կարծիք է, տրուած ըլլալով, որ Քրեմլինի տէրերը լաւ գիտեն, որ Սուրիոյ պատերազմը պտոյտ մը պիտի չըլլար երբեք, այլ ընթացող մարտերը կրնան տեւել աւելի երկար, քան որեւէ կողմ կը պատկերացնէ:
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ նաեւ պէտք է շեշտադրել, թէ Միացեալ Նահանգներ, որ արդէն մտած է իր նախագահական ընտրութեան «դրախտ»ը, տարբեր առիթներով նշաններ եւ պատգամներ կը յղէ Մոսկուային, յայտնելով իր լուռ համաձայնութիւնը գետնի վրայ ընթացող գործողութիւններուն առընթեր: Եւ պէտք է հասկնալ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր շրջանակներուն ապրած ընկրկումը տեղի կ՚ունենայ ամերիկեան լուռ համաձայնութեամբ:
Տարի մը առաջ յաճախ կը խօսուէր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի մարզէ Սուրիոյ ընդդիմադիր ջոկատները, այսօր երեւելի է նաեւ, որ այդ խոստումները յօդս ցնդած են: Սուրիական գետնի վրայ Ուաշինկթընի միակ հովանաւորած կողմը քրդական ՓԵՏ-ն է, որուն տրամդրուած օժանդակութիւնները եւս այլ հաշիւներով կը կատարուին եւ կապ ունին Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան հետ առկայ «մեղրալուսին»ի հաշիւներուն: Եւ ասոր համահունչ պէտք է նկատի առնել նաեւ, որ քրդական ջոկատներ լաւագոյն յարաբերութիւն կը մշակեն Սուրիոյ ազգային բանակին հետ: Այս խօսքին ամենէն վառ եւ ճիշդ ապացոյցը Քամիշլիի, Թալ Ապեատի ու Քոպանիի մէջ քիւրտ-սուրիական համագործակցութիւնն է, որ տեղ ունի աճելու եւ զարգանալու: Այս համագործակցութեան առընթեր եթէ թելերը լաւ կապուին ու երեւելի դառնայ ընդհանուր պատկերը, հասկնալի կը դառնայ, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն այսօր սուրիական գետնի վրայ միասին կը տանին ընդհանուր պայքար մը:
Այդ ընդհանուր պայքարը միայն ԻՇԻՊ-ին ու անոր վտանգներուն դէմ չէ, այլ նաեւ պիտի գծէ ու կազմակերպէ Սուրիոյ ընդդիմադիր կողմերուն ընդհանուր քարտէսին նոր գիծերը:
Այստեղ ուրեմն պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ խաղ կը տարուի այսօր ու շեշտադրել նաեւ, թէ երկու գէրուժերուն տարած եւ Սուրիոյ ներքին ճակատներուն վրայ եղող պայքարը ի՛նչ հաւանական հեռանկարներու ճամբայ պիտի հարթէ:
«Ժընեւ-3» սպասելի համաժողով մըն է, սակայն վստահաբար կրնայ դարձեալ հանդիսանալ տեղքայլի նոր հանգրուան մը այն ժամանակ, երբ սիւննի կողմը չ՚ուզեր հասկնալ Մոսկուայի պատգամները:
Սուրիոյ պատերազմին ամէնօրեայ արիւնահոսումը կրնայ յստակօրէն շեշտադրել, որ շրջանին մէջ այսօր առաջարկուած լուծումները կրնան վաղը աւելի թանկ արժել Ռիատին ու անոր համախոհներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան