ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ամ­փո­փեց իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան հա­րիւր օ­րե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան թէեւ ա­ռա­ւել չա­փով կանգ ա­ռաւ երկ­րի տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան վրայ, սա­կայն անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րա­պե­տեան ներ­կա­յա­ցուց իր տես­լա­կա­նը կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ։ Իր խօս­քե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ պի­տի չառ­նուի ո­րո­շում մը, ո­րուն դէմ կ՚ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տան տրա­մա­բա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով պի­տի կա­րե­նայ ա­պա­հո­վել իր յաղ­թա­նա­կը եւ անվ­տան­գու­թիւ­նը, ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը։

«Թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի ըն­թա­նան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ես այս պա­հուն անտ­րա­մա­բա­նա­կան կը հա­մա­րեմ այս նիւ­թին շուրջ խօ­սի­լը։ Բայց վստահ եմ, որ մենք կ՚ու­նե­նանք տար­բե­րակ, որ­պէս­զի այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ ա­պա­հո­վենք մեր անվ­տան­գու­թիւնն ու յաղ­թա­նա­կը», ը­սաւ ան։ Ար­դեօք Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կողմ­նա­կի՞ց է այս հար­ցի լուծ­ման փոխ­զի­ջու­մա­յին տար­բե­րա­կին։ Պա­տաս­խա­նե­լով այս հարց­ման՝ ան ը­սաւ, թէ կա­խում ու­նի, որ խօս­քը ի՞նչ փոխ­զիջ­ման կը վե­րա­բե­րի։ «Ե­կէք այդ մա­սին խօ­սինք, երբ որ գայ ժա­մա­նա­կը։ Ես հա­մո­զուած եմ, որ այս հար­ցին մէջ պի­տի չառ­նուի ո­րո­շում մը, ո­րուն դէմ պի­տի ըլ­լան Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ սա շատ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մըն է», եզ­րա­փա­կեց ան։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017