ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ

Մինչ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ որոշ յստակութիւն մը կ՚ուրուագծուի, զուգահեռաբար օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ՝ մանաւանդ երկրի հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու գաղափարը։ Այդ անվտանգ գօտին չափազանց մեծ նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ տեսակէտէ, որովհետեւ այստեղ խօսքը կը վերաբերի երկրի հարաւային սահմանի գրեթէ ամբողջ երկարութեան եւ հարցը ուղղակիօրէն առընչուած է Անգարայի ազգային անվտանգութեան նկրտումներուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութեան հետ Թուրքիա սերտ համագործակցութեան մէջ է երկար ժամանակէ ի վեր։ Բաց աստի, Աստանայի գործընթացին բերումով Թուրքիա նոյնպէս ներգրաւուած է Սուրիոյ վերաբերեալ որոշումներուն՝ գտնուելով երաշխաւոր երկիրներու շարքին Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ Որքան որ ալ ամերիկեան կողմին հետ ատեն-ատեն հակասութիւններ յառաջանան Սուրիոյ հիւսիսի ահաբեկչական տարրերուն բերումով, Անգարա վերջին հաշուով կը յաջողի վերահսկելի եւ իրեն տեսակէտէ նախընտրելի հունի մը մէջ պահել իրադարձութիւնները։ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին որոշ դժուարութիւններ յառաջացան, երբ թրքական կողմը շարժման անցաւ Եփրատի արեւելքին ահաբեկիչներու դէմ գործողութիւններ յառաջ տանելու համար։ Տարածքաշրջանի քիւրտերու գործօնը Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ պատճառ դարձաւ տարակարծութիւններու։ Այս բոլորը, սակայն, հարթուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ տեղի ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Նախագահ Էրտողան երէկ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թրամփի հետ ունեցած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ «Համոզուած եմ, թէ հասած ենք մօտեցումներու միութեան մը, որ ունի պատմական նշանակութիւն», ըսաւ Էրտողան։

Ան երեսփոխաններուն առջեւ տեղեկացուց, թէ շատ դրական զրոյց մը եղած է Թրամփի հետ։ Ամերիկացի ղեկավարը հերթական անգամ վերահաստատած է, որ ԱՄՆ-ի զօրքերը դուրս պիտի բերուին Սուրիայէն։ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ սահմանի երկայնքով նախատեսուած անվտանգ գօտին պիտի ստեղծուի Թուրքիոյ կողմէ։ Ան յիշեցուց, թէ ինք ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի շրջանէն ի վեր կ՚ընդգծէր այդ անվտանգ շրջանի խնդիրը։ Վերջին հեռախօսազրոյցի ընթացքին Տանըլտ Թրամփ ինք արտայայտած է 20 մղոն խորութեան նիւթը։ Ըստ Էրտողանի, կարելի է այս նիւթին վրայ աշխատիլ ու նոյնիսկ եւս 20 մղոն ալ խորացնել այդ գօտին։ Նախագահը հաւանական կը նկատէ տարածքաշրջանէ ներս նման քայլի մը առնուիլը։

Նախագահ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է։ Տանըլտ Թրամփի հետ համաձայնութեան հասած են, որպէսզի երկկողմանի օրակարգի բոլոր խնդիրներուն շուրջ աշխատանքային խումբերու քննարկումները շարունակուին։ Թուրքիա, առանց խտրականութեան, գիրկընդբաց կ՚ընդունի Սուրիոյ ազգային եւ կրօնական բոլոր խմբաւորումները։ Էրտողան յիշեցուց, որ ցայսօր երբեք թոյլ չեն տուած խտրականութիւններու եւ ասկէ վերջ ալ պիտի չտան։

Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ թուրք-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան։ Նախագահները որոշած են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը հասցնել 75  միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ «Այսպէսով, մեր յարաբերութիւններուն մէջ Սուրիոյ կտրուածքով սկսած դրական ընթացքը միւս ոլորտներուն վրայ տարածելու հեռանկարն ալ ամրապնդուած եղաւ։ Թուրքիա քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան հնարաւորութիւններու լիարժէք օգտագործման կողմնակից երկիր մըն է եւ այս խնդիրը դաշնակցային ոգիի համապատասխան ձեւով լուծելու առաջադրութեամբ իրեն վիճակածները պիտի ընէ։ Կը բաւէ, որ մեր իրաւունքներուն եւ զգայնութիւններուն հնազանդութիւն ցոյց տրուին», ըսաւ Էրտողան։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ յունուարի 23-ին պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս հանդիպման համար ան պիտի մեկնի Մոսկուա։ Սոյն հանդիպումն ալ կարեւոր նշանակութիւն ունի Սուրիոյ տագնապին բերումով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019