ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի կատարել Սահմանադրական փոփոխութիւններ։ «Փանորամա» կայքէջի հաղորդումներով, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով տեղեկացուեցաւ, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններու համար մասնագիտական յանձնաժողով մը պիտի կազմուի եւ այդ յանձնաժողովի անդամները թեկնածութեան յայտեր ներկայացուցած են։

Անցեալ 30 դեկտեմբերին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած որոշումով սկսած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի ստեղծման գործընթացը։ Ըստ այդ որոշման, ստեղծուելիք յանձնաժողովի կազմէն ներս մրցոյթի ընթացակարգով պիտի ընդգրկուի նաեւ վեց իրաւաբան, գիտական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու երկու ներկայացուցիչներ։ Սա կը համապատասխանէ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական եւ իրաւական բարեփոխումներու 2019-2023 թուականներու ռազմավարութեան։

Նախարարութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար թեկնածութեան յայտերու ներկայացման ընթացակարգը։

Միւս կողմէ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ այս տարի կատարուելիք շարք մը միջոցառումները միտուած պիտի ըլլան պետական կառավարման համակարգի արդիականացման։ Այսպէս, վարչապետի մօտ քննարկուեցան իր աշխատակազմի 2020 թուականի պիւտճէի ծիրին մէջ նախատեսուած ծրագրերն ու միջոցառումները։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ փոխ-վարչապետներու գրասենեակներու, աշխատակազմին համար գործի լծուած մարմիններու գործունէութեան։

Կառավարութեան աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ զեկուցուած է, թէ միջոցառումները միտուած պիտի ըլլան պետական կառավարման համակարգի արդիականացման, արդիւնաւէտութեան, քաղաքացիներու մատուցուած ծառայութիւններու որակի բարձրացման, ելեկտրոնային հարթակներու գործունէութեան ընդլայնման, ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան եւ այլ ծրագրերու։

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց վերոյիշեալ ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացումը եւ անհրաժեշտ համարեց բարձրացնել քաղաքացիներու մատուցուած ծառայութիւններու հասցէականութիւնը, աշխուժացնել աշխատանքները պետական համակարգի թուայնացման համար եւ այլ ուղղութիւններով։ Ան ընդգծեց պետական համակարգի աշխատունակութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը եւ տուաւ համապատասխան յստակ յանձնարարականներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020