ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս վերջերս հարցազրոյց մը տուած էր «Աքշամ» օրաթերթին։ Այդ հարցազրոյցը միանշանակ ընկալում մը չէր ունեցած, որովհետեւ բաւական վիճելի արտայայտութիւններ կը բովանդակէր։ Մինչ այս խնդրի արձագանգները կը շարունակուին, Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս լուսաբանութիւն մը հրապարակեցին եւ ճշդեցին կարեւոր մանրամասնութիւններ՝ Նորին Ամենապատուութեան յայտարարութիւններուն շուրջ։ Այդ մանրամասնութիւնները ունին կարեւոր բնոյթ, որովհետեւ կը յստակեցնեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յայտարարութիւններուն ակամայ վերագրուած թիւրիմացութիւնները։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք Պատրիարքարանի Դիւանին կողմէ համայնքային մամուլին փոխանցուած լուսաբանութիւնը։
*
2 յունուար 2020 թուակիր թրքական «Աքշամ» թերթը հրապարակած էր Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ արտայայտուած մի քանի նախադասութիւն որոշ ընկերային ցանցերու եւ այլ հաղորդամիջոցներու կողմէ ամենէն բացասական մեկնաբանութիւններով եւ հասկացողութեան սահմանները չափազանցելով հասած են զինք մրոտելու ուղղեալ արշաւի մը, զոր ափսոսանքով կը դիմաւորենք:
Մօտաւորապէս քառասուն վայրկեան տեւող հարցազրոյցը կը պարունակէր լայնածաւալ բացատրութիւններ ու մանրամասնութիւններ, որոնք բնականօրէն գրութեան մէջ տեղ չեն գտած: Թերթին մէջ լոյս տեսած խօսքերը զտուած են այն բացատրութիւններէն, զորս տրուած էին ի պատասխան մասնաւոր հարցումի մը: Սոյն ոճը խմբագրի ընտրութիւնը եղած է: Առանց հարցումները նկատի ունենալու, երբ միայն պատասխաններուն տեղ կը տրուի, կը պատահին իմաստի սահումներ, որովհետեւ զետեղուած են խօսքերը իրերայաջորդ ձեւով՝ ետեւ ետեւի։ Այս պարագային անոնք կը վերածուին անյստակ ասոյթներու եւ ձախորդ արտայայտութիւններու, որոնք կ՚իմաստա-զըրկեն փոխանցուած գաղափարը:
Սփիւռքի եւ թրքահայութեան յարաբերութեան մասին ուղղուած հարցումին տրուած է հետեւեալ պատասխանը. «Թուրքիոյ հայերը ի տարբերութիւն սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերէն, կը կազմեն երրորդ հատուած մը: Վարչական եւ տնտեսական տեսակէտէ հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի. մենք ինքնաբաւ ենք»:
Երբ Նորին Ամենապատուութեան հարցուեցաւ սփիւռքահայերու անհաշտ մերձեցումը Թուրքիոյ դէմ եւ իրենց բացասական կեցուածքի պատճառները, տրուած պատասխանը չի պատկանիր Նորին Ամենապատուութեան, այլ՝ պարզ ընկերաբանական ճշդում մըն է ամէնուն ծանօթ՝ հետեւեալ ձեւով արտայայտուած. «100 տարի առաջ մեծ ողբերգութիւններով այս հողերէն մեկնող այս մարդիկը իրենց ապրած հոգեցնցումը ապագայ սերունդներուն փոխանցած եւ անդրադարձած են որ հայոց ինքնութեան եւ պահպանման համար օգտակար եւ անհրաժեշտ է կառուցել ցեղասպանութեան գիտակցութիւն մը: Անոնք հարիւր տարիէ ի վեր կը շարունակեն ապրիլ Թուրքիայէն եւ թուրքերէն հեռու գոյավիճակի մը մէջ: Իսկ մենք՝ Թուրքիա մնացած հայերս շարունակեցինք մեր կեանքը բաժնել թուրքերուն հետ այս հողերուն վրայ եւ միասին ապրելու փորձառութիւն մը ձեռք բերինք: Այս առումով մենք իւրայատուկ հայեր ենք հայաշխարհի մէջ»:
Նման գերզգայուն նիւթերու շուրջ մարդոց առաջնահերթութիւնը եղած է, թէ անոնք լսեն միշտ իրենց ուզածը եւ ո՛չ թէ թրքահայոց պատրիարքները ի՛նչ կ՚ըսեն եւ ինչպիսի պայմաններու ներքեւ: Թուրքիոյ հայոց պատրիարքներուն վիճակուած է երբեք չհալող երկու խոշոր սառակոյտերու միջեւ ճզմուող նաւու մը նաւապետը ըլլալ: Այս դրութեան մէջ միշտ կարելի չ՚ըլլար ներդաշնակութիւնը ապահովել եւ տեղի կ՚ունենան կողմերէն մէկուն սխալ թուող վրիպումներ: Սահակ Պատրիարք Հայրը եւս, իր նախորդներուն նման հայկական հարցի շուրջ բոլոր կողմերը գոհ ձգելիք կատարեալ պատասխաններ տալ փորձած է։ Երբեք ընդունելի չէ որեւէ կողմի նկատմամբ մերժողական ու աննկատ թողելու կեցուածք: Իւրաքանչիւր անհատի կը վիճակի նախ ուղիղ ըմբռնել, թէ իրականին մէջ ինչեր արտայայտուած են արտասանուած խօսքերով եւ ապա քննադատել։