ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԴԷՊԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒՂԱՐԿՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՍԿՍԱԾ Է»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ սկսած է թուրք զինուորականներու Ատրպէյճան ուղարկման գործընթացը։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի հետ քննարկել հրադադարի վերաբերեալ հարցերը։ Բաց աստի, Թուրքիա-Ռուսաստան հրադադարի վերահսկման համատեղ կեդրոնը պիտի տեղակայուի շփման գիծէն 8 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Աղտամի մէջ։ 60 թուրք եւ 60 ռուս զինուորական այդ կեդրոնէն ներս պիտի հսկեն հրադադարի դրութիւնը։ Ըստ Չավուշօղլուի, թուրք զինուորականներու գործուղղումը դէպի Ատրպէյճան արդէն սկսած է։

Չավուշօղլու ընդգծեց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ երկկողմանի բանակցութիւններու կը ձեռնարկէ։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021