ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԱՆՑ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Մոսկուա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան կիզակէտին պահել հիմնախնդրին վերաբերեալ գործընթացները։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ հերթական անգամ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքին։ Բաց աստի, անոնք խօսեցան ներկայ շաբթուայ սկիզբին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովի արդիւնքներուն շուրջ։ Մինչ այդ, Լաւրով կը պատրաստուի յունուարի 26-ին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալել Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ Բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Ըստ իրեն, շաբթուայ սկիզբի գագաթաժողովով նախատեսուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման հարցերով եռակողմանի աշխատանքային խումբը մինչեւ մարտի 1-ը պիտի ներկայացնէ փոխադրական ենթակառուցուածքներու զարգացման վերաբերեալ ծրագրերը։ Ըստ բանբերին, պիտի ապահովուին բոլոր պետութիւններու շահերը։ Զախարովա յայտնեց, որ այժմու ենթադրութիւններով՝ աշխատանքային առանձին ոլորտներու մէջ պիտի ստեղծուին մասնագիտական ենթախումբեր, որոնք պիտի զբաղին բովանդակային հարցերով։ Զախարովա մատնանշեց, որ այդ բոլորին շնորհիւ պիտի շահին թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմերը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանը։ Բաց աստի, Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Մոսկուա ամէն ձեւով կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ համատեղ մարդասիրական միջոցառումներու կեանքի կոչուիլը։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի մարդու իրաւանց պաշտպան Սապինա Ալիեւա մեկուսարանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է հայ ռազմագերիներու հետ, որոնք կը գտնուին Պաքուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայկական կողմը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Ատրպէյճան կը յապաղեցնէ ռազմագերիներու վերադարձը՝ հակառակ հրադադարի համաձայնութեան մէջ յստակօրէն նախատեսուած ըլլալուն։

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանէն հասած լուրերու շարքին ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի կողմէ Շուշի կատարուած այցելութիւնը։ Ան մօտաւորապէս չորս տասնամեակ վերջ այցելած է Շուշի։ Իրեն ընկերացած են Իլհամ Ալիեւի կողակիցը՝ Ատրպէյճանի փոխ-նախագահ ու Առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա, նաեւ դուստրը՝ Լէյլա Ալիեւա։ Շուշիի մէջ մեծ մզկիթի առընթեր Իլհամ Ալիեւ այցելած է նաեւ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ թիրախաւորուած էր Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Ալիեւներու այս ուղեւորութեան վերաբերեալ բազմաթիւ լուսանկարներ եւ տեսագրութիւններ հրապարակուած են ընկերային ցանցերու վրայ։ Իլհամ Ալիեւ այս այցելութեան կապակցութեամբ ըրաւ յայտարարութիւններ եւ կատարեց գրառումներ։ Ըստ իրեն, քաղաքը տեսնելն ու այնտեղ վերադառնալը եզակի զգացում մըն է իրեն համար։ «Անկեղծ ըսած՝ չեմ փափաքիր հեռանալ», նշեց Ալիեւ Շուշի այցելութեան ընթացքին։

Յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Երեւան կը շարունակէ մեղադրանքներ հասցէագրել Պաքուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէն ներս հայկական մշակութային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ կը գտնուի։ Ըստ իրեն, Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ միջազգային միջնորդներու՝ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերուն։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021