ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

«Փիւնիկ» խումբը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Այսպէս, պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան 2020-2021 տարեշրջանի երկրորդ բաժնին, «Փիւնիկ» ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Ըստ Երեւանի ակումբի մամլոյ քարտուղարութեան, այս հաւաքը պիտի սկսի 31 յունուարին եւ պիտի աւարտի փետրուարի 10-ին:

Խումբին փորձերը տեղի պիտի ունենան Շարժայի մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Նախատեսուած են նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021