ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ վերջին օրերուն հետաքրքրական թողարկում մը կատարուեցաւ «Անատոլու» գործակալութեան կողմէ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու յղում տալով կատարուած այս հաղորդումները լայն արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, որեւէ արտաքին միջամտութիւն կրնայ ժխտական ազդեցութիւն գործել թէ՛ Անգարա-Երեւան երկխօսութեան եւ թէ ընդհանրապէս տարածաշրջանի բոլոր գործընթացներուն վրայ։ Մինչ այդ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջանակներէն ներս յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ՝ փոխադարձ առեւտուրի սկսելու հարցին քննարկումը։

Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, թէեւ ներկայիս կարգաւորման գործընթացին մէջ դանդաղում մը կը նկատուի, սակայն, շփումները չեն ընդհատուած եւ այժմ Անգարա-Երեւան քննարկումներ կ՚ընթանան թեքնիք հարցերու շուրջ։ Թէեւ որեւէ արտաքին միջամտութիւն կրնայ բացասաբար անդրադառնալ Անգարա-Երեւան երկխօսութեան եւ տարածաշրջանի բոլոր գործընթացներուն վրայ, սակայն, թրքական կողմը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել ո՛չ միայն հայկական կողմին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այլեւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար։ «Անատոլու» գործակալութեան աղբիւրները նշած են, թէ թրքական կողմը կը շարունակէ ընել այն ինչ, որ կ՚ընէ, որովհետեւ անկեղծ ջանքեր կը գործադրէ։

Երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու հինգերորդ փուլի ամսաթիւը տակաւին որոշուած չէ եւ մինչեւ անոնց տեղի ունենալը՝ անհրաժեշտ է, որ շարք մը փոխադարձ քայլեր առնուին։ Յաջորդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան կա՛մ Թուրքիոյ, կամ Հայաստանի մէջ։

Ըստ նոյն դիւանագիտական աղբիւրներուն, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու ցամաքային սահմանով տարանցման վերաբերեալ թեքնիք աշխատանքները կը շարունակուին։ «Ալիճան» անցակէտի կամուրջով վերոյիշեալ դասակարգի անձերու անցնելու կարգը պիտի համաձայնեցուի՝ կախուած այդ ենթակառուցուածքի վիճակէն։ Հաւանական է, որ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ շօշափուին այլ շարք մը հարցեր՝ ներառեալ երկկողմանի առեւտուրի վերսկսիլը։ Մեկնաբանելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ցամաքային առեւտուրի հաւանական վերսկսման նիւթը՝ յիշեալ աղբիւրները կը վերյիշեցնեն 1993 թուականի վիճակագրական տուեալները, ըստ որոնց, երկու երկիրներու միջեւ բեռնափոխադրումներու ծաւալը կը հասնէր 160 հազար թոնի։ Երկաթուղային փոխադրումներու վերսկսման պարագային այդ թիւը պիտի սկսի երկաչափական զարգացումով աճիլ։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 2022 թուականի փետրուարին վերսկսած օդային հաղորդակցութեան՝ նոյն աղբիւրները մատնանշած են, որ թռիչքները կ՚իրականացուին բնականոն ձեւով։ «Մարդիկ սկսած են շփուիլ եւ կրնան ազատ տեղաշարժուիլ։ Բնականոնացման գործընթացէն ներս տեղի ունեցած է բան մը, որ տեսանելի չէ անզէն աչքով։ Եթէ նախապէս Թուրքիոյ քաղաքացիները Հայաստան մուտքի համար վիզա կը ձեւակերպէին Վրաստանի միջոցաւ, ապա այժմ արդէն ամէն ինչ հասանելի է համացանցի վրայ։ Նախապէս Հայաստանի մէջ համացանցը անհասանելի էր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար։ Այժմ արգելք մը չկայ եւ հիւպատոսական գործերը նոյնպէս շատ լաւ կ՚ընթանան», տեղեկացուցած են գործակալութեան աղբիւրները։

Նոյն շրջանակին մէջ ընդգծուած է, որ ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու խոչընդոտներուն վերացումն ալ զգալի նպաստ պիտի ապահովէ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն համար։

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի բանակցութիւնները ցայսօր անցած են չորս փուլէ։ Բոլորն ալ տեղի ունեցած են երրորդ երկիրներու մէջ։ Վերջին բանակցութիւնները տեղի ունեցած էին 1 յուլիս 2022 թուականին, Վիեննայի մէջ։

Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ տրուած այս գնահատականները ունին կարեւոր նշանակութիւն՝ մանաւանդ, որ հրապարակուած են պետական գործակալութեան միջոցաւ։ Այս ամբողջին մէջ թէեւ ուղղակի ոչինչ նշուած է, սակայն, հաւանական արտաքին միջամտութեան կապակցութեամբ վերապահութիւնները կրնան վերագրուիլ նաեւ Իրանին։ Արդարեւ, տարածաշրջանի ընդհանուր գործընթացները խնայելու վերաբերեալ՝ դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ նշուած զգայնութիւնը կրնայ վերաբերիլ նաեւ Թեհրանին։ Վերջին շրջանին Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ ցաւ յայտնած էր՝ Իրանէն հնչած հայամէտ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, անուշադրութեան պէտք չէ մատնել, որ ներկայիս օրակարգի վրայ է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա այցելութիւնը՝ բանակցութիւններ վարելու համար Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023