ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒԱԿԱՆ ՈՐՈՇԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման հաւանականութիւնը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ՝ հնարաւոր ժամկէտներու արծարծումով հանդերձ։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ դիւանագիտական երթեւեկը այս շրջանին աշխուժացած է էականօրէն։ Երեք երկիրներու ղեկավարները ակնյայտ քաղաքական կամք կ՚արտայայտեն այս ուղղութեամբ՝ հրապարակային յայտարարութիւններով չբացառելով նաեւ իրենց իսկ մէկտեղման հաւանականութիւնը։

Մօտաւոր անցեալին Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներն ու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպում մը ունեցած էին Մոսկուայի մէջ։ Այժմ ուշադրութիւնները կեդրոնացած են յաջորդ փուլին՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքթատի ժամադրութեան վրայ։ Այս հանդիպման ալ տանտէրը պիտի ըլլայ ռուսական կողմը։ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են՝ հաւանական թուականներու քննարկումներով։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, եռակողմանի այս հանդիպումը ամենայն հաւանականութեամբ ներկայ ամսուան երկրորդ կէսին տեղի ունենայ։ Նախարար Չավուշօղլուի ծրագրին վրայ յունուարի 17-ին նախատեսուած է այցելութիւն մը՝ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուստի, շատ հաւանական է, որ Ուաշինկթընէ վերադարձին ան ուղեւորուի Մոսկուա՝ եռակողմանի ժամադրութեան համար։ Սա նաեւ այն շրջանակին մէջ կրնայ մեկնաբանուիլ, թէ Արեւմուտքը ակնյայտ վերապահութիւն կը դրսեւորէ Անգարա-Դամասոկոս առանցքին վրայ բնականոնացման հաւանականութեան դէմ։ Պարզ է, որ այս եռակողմանի հանդիպումները, միեւնոյն ժամանակ, կը նշականեն 11 տարուան ընդհատումէ մը վերջ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ առաջին ուղիղ շփումները։

Մօտալուտ բանակցութիւններուն ընթացքին թէ՛ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ թէ Ֆայսալ Միքթատի պայուսակներուն մէջ առանցքային նշանակութեամբ թղթածրարներ տեղ պիտի գտնեն։ Մեկնաբանները անոնց շարքին կը դիտարկեն՝ Սուրիոյ վերջին իրադրութիւնը, երկրի հիւսիսի իրադարձութիւնները, ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը, գաղթականներուն Թուրքիայէն վերադարձը եւ այլն։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ պիտի քննարկեն ճանապարհային քարտէս մը՝ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023