ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒՄ

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակուած Արցախէ ներս մարդասիրական աղէտը տակաւ կը հասնի մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Կարմիր խաչի ջանքերով շաբաթավերջին 9 հիւանդ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուեցաւ բուժման համար։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ հրատապ դարմանման կարօտ այդ հիւանդներէն մին յղի կին մըն է։ Բաց աստի, երէկ, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած դեղօրայք եւ այլ պարագաներ Արցախ տեղափոխուեցան՝ նոյնպէս Կարմիր խաչի ջանքերով։

Միւս կողմէ, Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, թէ խաղաղութեան չի կրնար հասնիլ հայերու կեանքին գնով։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023