ՄՌԱՅԼ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ

Համաշխարհային դրամատունը վերջին օրերուն հանդէս եկաւ կարեւոր ու մտահոգիչ զգուշացումներով։ Այսպէս, համաշխարհային տնտեսութիւնը վտանգաւոր աստիճանով մօտ է ռեսեսիոնի՝ աշխարհի բոլոր յառաջատար տնտեսութիւններուն մէջ՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան ու Չինաստանը, աւելի թոյլ աճի պատճառով։ Իր տարեկան զեկոյցին մէջ Համաշխարհային դրամատունը տեղեկացուցած է, որ այս տարի կլոպալ աճի կանխատեսումը գրեթէ կրկնապատիկ կրճատած է՝ հասնելով ընդամէնը 1.7 տոկոսի՝ նախկին 3 տոկոսին համեմատ։ Եթէ այս կանխատեսումը ճիշդ դուրս գայ, ապա սա պիտի ըլլայ երրորդ ամենատկար տարեկան աճը վերջին երեք տասնամեակին ընթացքին՝ զիջելով 2008 թուականի համաշխարհային ելմտական տագնապին եւ 2020 թուականի համավարակին հետեւանքով յառաջացած խոր ռեսեսիոններուն։

Թէեւ ԱՄՆ այս տարի կրնայ խուսափիլ ռեսեսիոնէ։ Համաշխարհային դրամատունը կը կանխատեսէ, որ ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը կ՚աճի 0.5 տոկոսով, կլոպալ տկարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստեղծէ եւս մէկ ձգձգում ԱՄՆ-ի գործարարներու եւ սպառողներու համար՝ ի լրումն բարձր գիներու եւ փոխառութիւններու աւելի թանկ տոկոսադրոյքներուն։ ԱՄՆ նաեւ խոցելի կը մնայ մատակարարման շղթայի ապագայ խափանումներուն տեսակէտէ, եթէ քովիտը շարունակէ տարածուիլ կամ Ուքրայնայի պատերազմը սաստկանայ։

Եւրոպան, որ երկար ժամանակ դէպի Չինաստան ամենամեծ արտածողն էր, ամենայն հաւանականութեամբ տուժէ այդ երկրի տնտեսութեան թուլացումէն։ Համաշխարհային դրամատան զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ զարգացած երկիրներու մէջ. օրինակ՝ ԱՄՆ կամ Եւրոպա, տոկոսադրոյքներու աճը պիտի ներգրաւէ ներդրումային դրամագլուխային տեսակէտէ աւելի աղքատ երկիրներէ։ Այսպէսով, անոնք պիտի զրկուին կարեւոր ներքին ներդրումներէ։ Միեւնոյն ժամանակ, զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այս բարձր տոկոսադրոյքները պիտի դանդաղեցնեն զարգացած երկիրներու մէջ աճը։

Համաշխարհային անկման ազդեցութիւնը ծանր հարուած պիտի հասցնէ աւելի աղքատ երկիրներուն։ Համաշխարհային դրամատան կանխատեսումներով՝ մէկ շունչին բաժին վիճակած եկամուտին աճը ընդամէնը 1.2 տոկոս պիտի ըլլայ 2023 եւ 2024 թուականներուն։ Այս բոլորին հետեւանքով աղքատութեան մակարդակը կրնայ բարձրանալ։

«Թոյլ աճը եւ գործարարութեան մէջ ներդրումները պիտի խորացնեն կրթութեան, առողջապահութեան, աղքատութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներէն ներս՝ արդէն իսկ աւերիչ փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան պատճառով աճող կարիքները», յայտնած է Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մալփաս։

Հարկ է նշել, որ այս զեկոյցը կը համընկնի՝ IMF-ի ղեկավար Քրիստինա Կէորկիաեւի կողմէ գրեթէ նոյնաժամանակ հրապարակուած նմանատիպ մռայլ կանխատեսումներուն հետ։ Իր կարծիքով, այս տարի աշխարհի մէկ երրորդը պիտի յայտնուի ռեսեսիոնի մէջ։ Համաշխարհային տնտեսութեան մեծամասնութեան համար այս տարին աւելի բարդ եւ աւելի դժուար պիտի ըլլայ՝ քան անցեալ տարին։ Արդարեւ, երեք խոշոր տնտեսութիւնները՝ ԱՄՆ-ը, Եւրոմիութիւնն ու Չինաստանը կը դանդաղին նոյնաժամանակ։

Համաշխարհային դրամատան կանխատեսումներով՝ յաջորդ տարի Եւրոմիութեան տնտեսութիւնը ընդհանրապէս պիտի չաճի՝ 2022 թուականի 3.3 տոկոս աճէն յետոյ։ Ըստ նոյն կանխատեսումներուն, Չինաստանի աճը պիտի կազմէ 4.3 տոկոս՝ գրեթէ 1 տոկոսով աւելի ցած՝ քան կանխատեսուածը։

Համաշխարհային դրամատունը կ՚ակնկալէ, որ զարգացող երկիրները աւելի լաւ արդիւնքներ կ՚ունենան՝ այս տարի կ՚աճին 3.4 տոկոսով։ Սա անցեալ տարուան նոյն համեմատութիւնն է, թէեւ 2021 թուականին արձանագրուածին մօտաւորապէս կէսը։ Այս տարի Պրազիլի մէջ աճը կը դանդաղի մինչեւ 0.8 տոկոս՝ անցեալ տարուան 3 տոկոսին համեմատ։ Փաքիստանի մէջ կը սպասուի, որ այս տարի տնտեսութիւնը աճի ընդամէնը 2 տոկոսով՝ նախորդ տարուան թափերու մէկ երրորդով։

Այլ տնտեսագէտներ, վերլուծական կեդրոններ ալ ներկայ տարուան համար մռայլ կանխատեսումներ հրապարակած են՝ թէեւ անոնց մեծամասնութիւնը համաշխարհային դրամատան կանխատեսումներուն համազօր չէ։ Այսպէս, այս տարի թէեւ դանդաղ աճ կը նախատեսուի զարգացած տնտեսութիւններուն եւ ամբողջ աշխարհին համար, սակայն չ՚ակնկալուիր համաշխարհային ռեսեսիոն մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023