ՕԶՈՆԻ ԽԱՒԸ ԹԷԵՒ ԴԱՆԴԱՂ, ՍԱԿԱՅՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Մինչ համաշխարհային օրակարգը ծանրաբեռնուած է կլիմայական աղէտի եւ բնապահպանական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ մտահոգիչ խնդիրներով, ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած նոր զեկոյցի մը մէջ մատնանշուեցաւ յարաբերաբար դրական լուր մը։ Այսպէս, երկագունդի պաշտպանիչ օզոն շերտը թէեւ դանդաղ, սակայն նկատելի կերպով կը վերականգնուի։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի այնպիսի արագութեան մը, որու շնորհիւ մօտաւորապէս 43 տարի յետոյ Անթարքթիքայի վրայի անցքը՝ այսինքն օզոնի ծակած հատուածը ամբողջութեամբ պիտի փակուի։ Չորս տարուան ընթացքին ծաւալուած գիտական աշխատանքի մը հիման վրայ հրապարակուած գնահատականը ի յայտ կը բերէ, որ վերականգնումը հնարաւոր դարձած է՝ շնորհիւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան, որով դադրեցուած է արտադրութիւնը այն քիմիական նիւթերուն, որոնք կը քայքայեն օզոնը։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, մոլորակը կը պաշտպանէ վնասակար ճառագայթներէ։

Տենվըրի մէջ կազմակերպուած NASA-ի համագումարին ժամանակ ներկայացուած է զեկոյց մը, ըստ որու, յառաջընթացը կ՚ընթանայ դանդաղ։ Այսպէս, 30 քիլօմեթր բարձրութեան վրայ մթնոլորտին մէջ օզոնի միջին կլոպալ քանակութիւնը մինչեւ 2040 թուականը չի վերադառնար այն մակարդակին, որուն 1980 թուականին հազուադէպ ձեւով հանդիպուած էր։ Բաց աստի, օզոնը Անթարքթիքայի վերեւին մինչեւ 1945 թուականը պիտի չվերադառնայ իր բնական վիճակին։

Աշխարհի գիտնականները եւ բնապահպանները կ՚ողջունեն օզոնի անցքը փակելու ուղղեալ ջանքերը, որոնք կը բխին 1987 թուականի համաձայնագրէն, որ կը կոչուի Մոնրէալի արձանագրութիւն եւ կ՚արգիլէ քիմիական նիւթերու արտադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2023