ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ ԴԱՏԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՊՐԻԼԻՆ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տուած եր­կու ամ­բաս­տա­նագ­րե­րուն միաց­ման զու­գա­հեռ նոր դա­տա­վա­րու­թեան թուա­կանն ալ ճշդուե­ցաւ։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նը ա­ւար­տեց մե­ղադ­րա­կան­նե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րար­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։ Դա­տա­կազ­մը միա­ցեալ եր­կու դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին նիս­տին հա­մար ո­րո­շեց թուա­կան մը։ Այս­պէս, 19-21 Ապ­րի­լին Չաղ­լա­յա­նի Իս­թան­պու­լի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տի մեծ դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ դա­տա­կան նիս­տը։

Դա­տա­կազ­մը ո­րո­շեց ձեր­բա­կա­լուած մե­ղադ­րեալ­նե­րու պա­րա­գան պա­հել ան­փո­փոխ։ Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան զա­նա­զան բա­ժան­մունք­նե­րէն ալ դա­տա­կազ­մը այս հանգ­րուա­նին կը պա­հան­ջէ փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց հա­մար ու­ղար­կուած են նա­մակ­ներ։   

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016