ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻ «ԱՈՒՐՈՐԱ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆԷ «ԹՈՒՄՕ»Ի ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԾԱԾ ԱՐՁԱՆԻԿԸ

«100 LIVES» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նադրած «Աու­րո­րա» (Aurora) մրցա­նա­կի ար­ձա­նի­կի գծագ­րա­կան պատ­կե­րը պի­տի ստեղ­ծեն Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի սա­նե­րը:

Մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին «Թու­մօ» ստեղծա­րար ա­րուե­սա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նին մէջ չորս դա­սըն­թա­ցա­վար­ներ պի­տի աշ­խատին չորս խում­բե­րու հետ: Խում­բե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը պի­տի մշա­կէ իր մտա­պատ­կե­րը, իսկ պի­տի ար­տադ­րուի յաղ­թող խում­բի ա­ռա­ջար­կած ձե­ւա­ւե­րու­մը: Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք գծագ­րա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մով (graphic design) չեն զբա­ղիր ու չորս դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն մէջ չեն, միեւ­նոյնն է՝ կրնան մաս­նակ­ցիլ՝ ա­ռա­ջար­կե­լով մրցա­նա­կի կար­գա­խօսն ու գու­նապ­նա­կը: Յաղ­թող կար­գա­խօսն ու գու­նապ­նա­կը պի­տի յայ­տա­րա­րուին «100 LIVES»ի պաշ­տօ­նա­կա­տար ան­ձե­րուն կող­մէ՝ Ապ­րի­լի 23-ին, Դի­լի­ջա­նի մէջ:

«Աու­րո­րա»ն հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սիրա­կան ա­մե­նա­մեայ նոր մրցա­նակ մըն է, որ պի­տի շնոր­հուի այն ան­հատ­նե­րուն կամ խում­բե­րուն, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք վտան­գի են­թար­կե­լով օգ­նած են այ­լոց գո­յա­տե­ւե­լուն: Ա­ռա­ջադ­րում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը մեկ­նարկած է 2015-ի Յու­լի­սի 1-ին եւ շա­րու­նա­կուած՝ մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 1-ը: Մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րը գնա­հա­տե­լու հա­մար «Աուրո­րա» մրցա­նա­կը ընտ-­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ ընդգր­կուած են հռչա­կա­ւոր ան­ձեր. ինչ­պէս՝ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր­ներ Է­լի Ո­ւի­զըլ, Օս­քար Ա­րեաս, Շի­րին Է­պա­տի եւ Լէյ­մա Կպո­վէ, Իր­լան­տա­յի նախ­կին նա­խա­գահ Մե­րի Ռա­պին­սըն, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Հի­նա Ճի­լա­նի, Աւստ­րա­լիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար եւ Մի­ջազ­գա­յին ճգնա­ժա­մա­յին խում­բի ներ­կայ նա­խա­գահ ու գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Կա­րէթ Է­վընս, Նիւ Եոր­քի «Քար­նե­կի» ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Վար­դան Կրէ­կո­րեան, ինչ­պէս նաեւ օս­քա­րա­կիր դե­րա­սան ու մար­դա­սի­րա­կան ո­լոր­տի գոր­ծիչ Ճորճ Քլու­նի: Ա­նոնք բո­լո­րը տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած ան­ձիք են, ո­րոնք կը միա­ւո­րէ ի­րենց նուի­րուա­ծու­թիւ­նը մար­դա­սի­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն: 2016-ի Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ճորճ Քլու­նի յաղ­թո­ղին պի­տի յանձ­նէ անդ­րա­նիկ մրցա­նա­կը:

Միւս կողմէ, Փետ­րուարի 14-ին մեկ­նար­կեց «Tumo-Aurora» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որուն ծի­րէն ներս «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար ա­րուե­սա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նի տա­սը հա­զար սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին «Աու­րո­րա» (The Aurora Prize for Awakening Humanity) մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան մըր-ցա­նա­կի հիմ­նա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րու ստեղ­ծու­մին:

«Թու­մօ»ի ու­սա­նող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ IDeA հիմ­նադ­րա­մի «100 LIVES» եւ «Aurora Prize» մրցա­նակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու գլխա­ւոր տնօրէն Ար­ման Ջի­լա­ւեան  ար­տա­յայ­տուած է «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին մա­սին: ««Աու­րո­րա»ն կը խորհր­դան­շէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը այն մարդ­կանց եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հա­յե­րը փրկած էին Մեծ ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ: Մեր ցան­կու­թիւնն ու նպա­տակն է, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­կա­լէ «Աու­րո­րա»ն որ­պէս մրցա­նակ մը, որ յա­նուն ի­րեն կը յանձ­նուի այ­սօ­րուան հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք կ՚օգ­նեն մար­դոց՝ վտան­գե­լով ի­րենց սե­փա­կան կեան­քը: Այս ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր է, որ «Թու­մօ»ն իր տա­սը հա­զար սա­նե­րով կը միա­նայ նա­խա­ձեռ­նու­թեան», ը­սած է Ար­ման Ջի­լա­ւեան:

«Թու­մօ»ի սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին «Աու­րորա»ի խորհր­դա­նիշ­նե­րու՝ ար­ձա­նի­կի, կարգա­խօ­սի եւ գծագ­րա­կան տար­րե­րու ստեղծ­ման մրցոյ­թին:

«100 Կեանք» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ ընտ­րուած տար­բե­րակ­նե­րը պի­տի ցու­ցադ­րուին Դի­լի­ջա­նի UWC գո­լէ­ճին մէջ եւ կրնան հա­շուի առ­նուիլ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի եւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան տե­սա­կան նիւ­թե­րուն մէջ` հան­դի­սա­նա­լով «Թու­մօ»ի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներդ­ը-րու­մը «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կին:

Այս տա­րի, Ապ­րի­լի 24-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Աու­րո­րա»ի ա­ռա­ջին մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը: 2016-ի Մար­տին Ընտ­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վը պի­տի հրա­պա­րա­կէ մրցա­նա­կի ե­րեք յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, իսկ Ապ­րի­լի 24-ին «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կի անդ­րա­նիկ յաղ­թո­ղը պի­տի պար­գե­ւատ­րուի 100 հա­զար տո­լար մրցա­նա­կով եւ բա­րե­գոր­ծու­թեան շղթան շա­րու­նա­կե­լու բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թով՝ ա­նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տրուի 1 մի­լիոն տո­լա­րի դրա­մաշ­նորհ ա­ռա­ջադ­րել՝ զինք ո­գեշն­չած եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մղած կազ­մա­կեր­պու­թեան:

Ընտ­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ­ներն են Խա­ղա­ղու­թեան Նո­պէ­լեան դափ­նեկիր Է­լի Ո­ւի­զըլն ու դե­րա­սան, Not On Our Watch բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմնա­դիր Ճորճ Քլու­նին:

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016