ՎԵՐԱՀԱՇՈՒԱՐԿԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին վե­րա­բե­րեալ բարդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը ար­դէն նոր հար­թու­թեան մը վրայ են Թուր­քիոյ կող­մէ կա­տա­րուած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն բե­րու­մով։ Եր­կար ժա­մա­նակ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դէմ ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լէ վերջ Թուր­քիա ար­դէն ա­ռաւ գործ­նա­կան քայլ մը եւ իր սահ­մա­նէն, թնդա­նօթ­նե­րով ռմբա­կո­ծեց ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շար­քե­րը։ Ան­գա­րա այս վճռա­կան քայ­լը ա­ռաւ հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին կլի­մա­յի 100 տո­կոս բա­րեն­պաստ չըլ­լա­լուն։ Թուր­քիա բա­ցար­ձա­կօ­րէն դէմ է, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ քրդա­կան խմբա­ւո­րու­մը անց­նի Եփ­րա­տի ա­րեւ­մուտ­քին ու մտնէ Ա­զէզ։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա այս դիր­քը որ­դեգ­րած է, ո­րով­հե­տեւ ՓԵՏ-ԵՓԿ Սու­րիոյ շա­ռա­ւիղն է՝ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիա մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը կը ջա­նայ հա­մո­զել, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ ընտ­րո­վի մօ­տե­ցում պէտք չէ որ­դեգ­րել ու պէտք է անխ­տիր պայ­քա­րիլ բո­լո­րին դէմ։ Այս սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շու­մով հան­դերձ, մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ թրքա­կան կող­մը կը դի­մագ­րա­ւէ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րով­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զի­նեալ­նե­րը ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մար ազ­դակ մը կը հա­մա­րեն՝ «Ի­րաք-Շա­մի Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ։

Ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի առ­կայ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ու­նին էա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ Թուր­քիա ան­գամ մը եւս Ռու­սաս­տա­նի դէմ իր ու­նե­ցած վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նեց՝ այս ան­գամ Ուք­րայ­նա­յէն։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ այ­ցե­լեց Քիեւ, տե­սակ­ցե­ցաւ Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փորո­շեն­քո­յի եւ Վար­չա­պետ Ար­սե­նի Եա­ցե­նեու­քի հետ։ Տա­վու­տօղ­լու Քիե­ւի մէջ նշեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան Սու­րիոյ մէջ կը գտնուին որ­պէս բռնագ­րա­ւիչ։

Մոս­կուա­յէն հնչած տե­սա­կէտ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն մնալ ծայ­րա­յեղ։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ան­գա­րա կը սպառ­նայ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան։ Իր կար­գին, Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քովն ալ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա ոչ թէ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւն կ՚ը­նէ, այլ նա­խա­յար­ձակ է։ Բան­բե­րին խօս­քե­րով, ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը՝ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Վլա­տի­միր Փու­թին շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­նա­լով քննար­կած են Սու­րիոյ ի­րա­վի­ճա­կը։ Ա­նոնք կը նա­խա­տե­սեն Սու­րիոյ մէջ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­սա­րա­կաց ճա­կա­տի մը ձե­ւա­ւո­րուի­լը։ Փես­քո­վի խօս­քե­րով, հա­ւա­նա­կան է, որ Թուր­քիա կան­խար­գե­լիչ գոր­ծօն մը դառ­նայ՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան պայ­քա­րին մէջ։

Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահ Քոնս­տան­դին Քո­սա­չովն ալ յայտ­նեց, թէ Ան­գա­րա­յի որ­դեգ­րած գի­ծը չի խրա­խու­սուիր իր ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ։ Թուր­քիա ե­թէ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան մը ձեռ­նար­կէ Սու­րիոյ մէջ, ա­պա իր դէմ պի­տի գտնէ Ի­րա­նը եւ Ռու­սաս­տա­նը։

Եւ­րո­միու­թիւնն ալ այս հանգ­րուա­նին կոչ կ՚ուղ­ղէ պա­ղա­րիւ­նու­թեան հա­մար։ ԵՄ-ի գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի Թուր­քիա եւ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի բո­լոր կող­մե­րը վերջ տան բա­խում­նե­րուն։ ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Հո­լան­տա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պերթ Քոէն­տերսն ալ հա­մո­զուած է, թէ բա­խում­նե­րու կա­սեց­ման հա­մար մշա­կուած է ծրա­գիր մը ու բո­լո­րը պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնան ա­նոր։

Իր կար­գին, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րեց, որ նա­խա­տե­սուած հրա­դա­դա­րին ըն­դա­ռաջ բո­լոր կող­մե­րը պէտք է նպաս­տեն՝ բռնու­թիւն­նե­րու շու­տով դադ­րեց­ման հա­մար։ Ըստ ի­րեն, սա ի զօ­րու է Ռու­սաս­տա­նի եւ Սու­րիոյ վար­չա­խում­բին Հա­լէ­պի շրջա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ՓԵՏ-ի շար­քա­յին­նե­րու հիւ­սի­սի յար­ձա­կում­նե­րուն եւ Թուր­քիոյ հա­մար։

Պա­ղա­րիւ­նու­թեան այս կո­չե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մըն ալ ը­րաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ։ Ան զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ կող­մէ յա­ռաջ քշուած վար­կա­ծին, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի թռիչք­նե­րու հա­մար ար­գի­լեալ գօ­տի մը ստեղ­ծել Սու­րիոյ մէջ։ Մեր­քէլ յայտ­նեց, թէ ինք կը հասկ­նայ Թուր­քիոյ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։

Ո­ւա­շինկ­թը­նէն հնչած տե­սա­կէտ­ներն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն 100 տո­կո­սով չեն գո­հաց­ներ Ան­գա­րան։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ յայտ­նեց, որ զար­ման­քով ըն­կա­լած են ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պիի շա­բա­թա­վեր­ջի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ո­րով կոչ ուղ­ղած էր, որ­պէս­զի Թուր­քիա դադ­րեց­նէ ռմբա­կո­ծում­նե­րը ՓԵՏ-ի զօր­քե­րուն դէմ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաս­տա­նի ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած ա­ւեր­նե­րուն։ Իսկ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ ԵՓԿ ետ պէտք է քա­շուի Մի­նի­ղի օ­դա­յին խա­րիս­խէն։ Այ­լա­պէս, Թուր­քիա գետ­նին պի­տի հա­ւա­սա­րեց­նէ այդ մէ­կը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016