ՇԷԿՈՅԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յանձնեց այս տարուան «Հրանդ Մատթէոսեան» մրցանակը։ Գրողներու միութեան նախկին նախագահ, մեծանուն արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցանակը հաստատուած է 2005 թուականին։ Մեծանուն գրողի անունով հաստատուած տարեկան այս մրցանակը սահմանուած է Հայաստանի կառավարութեան, Գրողներու միութեան եւ հանգուցեալ գրողի հարազատներուն կողմէ ղեկավարուող համանուն հիմնադրամին կողմէ։
Այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ յայտնի արձակագիր Արմէն Շէկոյեանին։ Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեան մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնեց Արմէն Շէկոյեանին։ Մեծարեալը այս առթիւ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Ան յայտնեց, թէ ցայսօր բազմաթիւ մրցանակներ ստացած է, սակայն այս մէկը կը դասէ ամենաարժէքաւորներու շարքին։ Արդարեւ, Հրանդ Մատթէոսեան ինքն իսկ մեծ արժէք մըն էր իրեն համար։